ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 43

Միութեան Նպաստը Հայկական Դպրոցական Ցանցի Զարգացումին

ՀԲԸՄ-ի Թեհրանի Նուպար վարժարանը

1950-ականներուն (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

Սփիւռքի Քաղաքականացումը. Դպրոցներու Գրաւանիւթը Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Մէջ Ֆրանսական Հոգատարութեան Օրերուն

Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք (1921) ՀՅԴ-ն եւ սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ գործող այլ քաղաքական կազմակերպութիւններ մղեցին ազդեցութեան պայքար մը` հակախորհրդային պայքարի ծիրին մէջ: Հայկական միւս քաղաքական կուսակցութիւնները եւ Միութիւնը, արդարեւ, համաձայն չէին Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ դաշնակցական ղեկավարներու որդեգրած արմատական դիրքորոշումին:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի վաղորդայնին նկատուած համախոհութիւնն ու համագործակցութիւնը փոխարինուեցան հայկական կազմակերպութիւններուն միջեւ անթաքոյց թշնամանքով եւ մրցակցութեամբ:

Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ ցրուած եւ զիրենք հիւրընկալող ազգային օճախէ զուրկ տասնեակ հազարաւոր հայ գաղթականները քաղաքական նշանաձողեր կը փնտռէին, հաւաքական ծրագիր մը` յաղթահարելու համար իրենց մէջ բոյն դրած շփոթանքն ու անկայունութիւնը: Այս իւրայատուկ մթնոլորտին մէջ, հազարաւոր այս գաղթականներու ապագային մասին վէճը բազում կիրքեր բորբոքեց անխուսափելիօրէն եւ խորունկ ճեղքեր ստեղծեց սփիւռքի հայ համայնքներէն ներս: ...

կարդալ աւելին