Կրթական Հաստատութիւնները` Միութեան 1950-1960 Տարիներու Գործունէութեան Անկիւնաքար
Խորհրդային վարչակարգին հետ խզումին հետեւանքով Միութեան մարդասիրական քաղաքականութիւնը կարեւոր փոփոխութիւններ կրեց. Հայաստանի մէջ ներդրումներու համար նախատեսուած բազմաթիւ հիմնադրամներու եւ կտակներու յառաջացուցած գումարները յատկացուեցան սփիւռքեան ծրագիրներու:
Դարուհի Յակոբեանի յիշատակին ստեղծուած եւ պարմանուհիներու կրթութեան եւ օգնութեան սահմանուած Յակոբեան աւանդին շնորհիւ, 1939-ին համանուն վարժարան մը շինուեցաւ Լիբանանի մէջ. 800 բ.ո. առնուեցաւ այս կտակէն, որ, մինչեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խզումը, կը ծառայէր հոգալու ծախսերը Երեւանի մէջ շինուած մայրանոցի մը: Կտակարարներու վերջին փափաքին համաձայն` Պէյրութի «Դարուհի Յակոբեան» վարժարանը սահմանուեցաւ բացառապէս աղջիկներու: Հաստատութիւնը իր դռները բացաւ 1939-ի Հոկտեմբերին` Ժմմէյզի թաղամասին մէջ, ...
Միութեան Նպաստը Հայկական Դպրոցական Ցանցի Զարգացումին
Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան վարժարանի աշակերտուհիները կ՛այցելեն Անթիլիասի կաթողիկոսարան, 29 Մարտ 1940: Նստած ձախէն աջ. տիկին Սեւեճեան (ուսուցչուհի), Նշան Յովհաննիսեան (ուսուցիչ), Բիւզանդ Եղիայեան, հայր Նորայր Պօղարեան (դպրեվանքի տնօրէնը), Խադ եպս. Աջապահեան,Պետրոս եպս. Սարաճեան (կաթողիկոսական տեղապահ), հայր Խորէն Բարոյեան, Զ. Առաքելեան (ուսուցչուհի) (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Դպրոցասէր վարժարանի աշակերտները եւ պաշտօնէութիւնը 1937-ին (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):