Միութեան Նպաստը Հայկական Դպրոցական Ցանցի Զարգացումին
Սալոնիկի (Յունաստան) մէկ դպրոցին ճաշարանը, 1930-ականներուն (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Ուղղակի Միութեան Կողմէ Տնօրինուող Դպրոցներ
1930-ական թուականներուն Միութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ նոր կարիքներու: Որբերու ընկերային աստիճանական համարկումին հետեւած էր, բնականաբար, փակումը Միութեան ուղղակի տնօրինութեան տակ գտնուող հաստատութիւններուն: Նոյն տարիներուն, շինարարական եւ գաղթականներու Հայաստան համախմբման ծրագիրներու ստեղծած ոգեւորութիւնը շուտով մարեցաւ, երբ խորհրդային վարչակարգը յանկարծ որոշեց խզել Միութեան հետ իր կապերը: Միւս կողմէ, Հալէպի, Պէյրութի, Դամասկոսի, Ալեքսանտրէթի եւ Աթէնքի մէջ հայկական թաղամասերու շինութիւնը ճանապարհ բացաւ գաղթականներու մշտական հաստատումին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի մէջ: Հասկնալի է, որ հանգամանքները կը պահանջէին Միութեան ծրագիրներու տեւական պատշաճեցումը, որպէսզի վերջիններս մշտապէս համապատասխանէին հիւրընկալող երկիրներու ...
Պէյրութի գաղթակայանի Նուպարեան վարժարանը, 1937-1938 (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):