Միութիւնը վաղեմի յանձնառութիւն ստանձնած էր կրթական ոլորտին մէջ: Այս յանձնառութիւնը 1906-ին Գահիրէ մէջ իր հիմնադրումէն ի վեր կազմած է իր գործունէութեան գլխաւոր հիմքերէն մէկը: Միութեան առաջին պատասխանատուները համոզուած էին, որ հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակին բարելաւումը էական ազդակ էր իր ապագայ ընկերա-տնտեսական զարգացումին համար: Հետեւաբար, անոնք եռանդով լծուեցան օսմանեան նահանգներուն մէջ արդէն գործող կրթական ցանցի աշխատանքներուն՝ յատկապէս կայսրութեան հեռաւոր եւ անտեսուած շրջաններուն մէջ կրթական հաստատութիւններ հիմնելով:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան հայերու եւ անոնց ժառանգութեան անէացումը, բնականաբար, հարցականի տակ դրաւ նախապէս արձանագրուած յաջողութիւնները եւ ստիպեց Միութեան հիմնադիրները` մտածելու գործադրելու մասին բոլորովին այլ ծաւալի մարդասիրական ծրագիր մը, որուն առաջնահերթութիւնը գաղթականներուն հասնիլն էր եւ լքուած կիներուն եւ երեխաներուն ապաստան տալը: ...
Միութեան Նպաստը Հայկական Դպրոցական Ցանցի Զարգացումին