Արդիականացման Ժամանակաշրջանը. Առաջին Մարզական Եւ Մշակութային Կեդրոններու Շինութիւնը
ՀԵԸ-ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի անդամներէն շատեր 1946 եւ 1947 տարիներուն ներգաղթեցին Հայաստան: Անոնց շարքին էին Մելգոնեան հաստատութեան շրջանաւարտներ, որոնք կը համարուէին Ընկերակցութեան ամենէն եռանդուն գործունեայ անդամները: Ընկերակցութեան մասնաճիւղերէն շատեր այսպիսով կորսնցուցին իրենց անդամներու մեծամասնութիւնը, ինչպէս օրինակ Նահր Պէյրութի «Անդրանիկ» ակումբը կամ Հոմսի եւ Ազեզի ակումբները: Աֆրինի ակումբը վերջնականապէս գոցուեցաւ նոյնիսկ` անդամ չունենալու պատճառով: Դամասկոսի մէջ ՀԵԸ-ի պատասխանատուները բախեցան ուրիշ խնդիրի մը. Սուրիոյ պետութիւնը Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը բռնագրաւած էր «Անդրանիկ» ակումբը` տեղւոյն կազմակերպութիւնը զրկելով իր կեդրոնէն:1950-ին Ընկերակցութիւնը միայն տասնմէկ մասնաճիւղ ունէր` շուրջ հազար անդամներով: Այս ժամանակաշրջանին, սակայն, հիմնուեցան մի քանի նոր մասնաճիւղեր` Ռաս ըլ-Այն, Ռաքքա եւ Հասաքէ քաղաքներուն մէջ, Սուրիոյ հիւսիս արեւելքը:
Անուրանալի է, սակայն, որ 1950-ականներու սկիզբը հայկական սփիւռքի ապրած խորունկ , ...
Երիտասարդական Ծրագիրներ. Մշակութային Կեդրոններ, Մարզական Ակումբներ, Դպրոցներ
ՀԵԸ-ի Ընդհանուր Ժողով, Պէյրութ, 1945 (ՀԵԸ-ի արխիւ, Պէյրութ):
ՀԵԸ-ի Վարչական Խորհուրդի անդամները, Պէյրութ, 1947 (ՀԵԸ-ի արխիւ, Պէյրութ):
ՀԵԸ-ի Զահլէի մասնաճիւղի սկաուտներ, Սեպտեմբեր 1937 (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
ՀԵԸ-ի Պէյրութի «Անդրանիկ» մասնաճիւղի փողերախումբը, 1947-ին (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):