ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Seite 36

Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը. Միութեան Յանձնառութիւնը Ի Նպաստ Նոր Սերունդին

ՀԵԸ-Ի Գործունէութիւնը. Առաջին Տարիները

Նկատելի է, որ իր առաջին տարիներուն ընթացքին, ՀԵԸ-ի գործունէութիւնը ուղղակի կը շարունակէ Նիր Իսթ Լիկինը: Ընկերակցութիւնը տակաւին երեկոյեան դասընթացներ կը կազմակերպէ երիտասարդ հայերու համար, որոնք ստիպուած եղած են վաղաժամ ընդհատելու իրենց ուսումը: Պէյրութի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Ալեքսանտրէթի կեդրոններուն մէջ, ընկերակցութեան պատասխանատուները մասնագիտական ուսում կը ջամբեն (մանաւանդ դերձակներուն եւ ասեղնագործողներուն), ինչպէս նաեւ լեզուներ կը սորվեցնեն (հայերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն) եւ թուաբանութիւն: Դասաւանդողները առհասարակ երիտասարդ ուսուցիչներ են կամ Միութենէն կրթաթոշակ ստացած ուսանողներ, բոլորն ալ ՀԵԸ-ի անդամ:

Պէյրութի մասնաճիւղը ամենէն եռանդուն գործողն է: 1934-ի ամառը ՀԵԸ-ը արդէն 85 անդամ ունի եւ տեղաւորուած է վարձու շէնքի մը մէջ, որ կը գտնուի Պէյրութ գետի ձախ ափին, Լիբանանի մայրաքաղաքին արեւելքը, հանրակառքի գիծին մօտիկ, գաղթակայաններուն եւ հայկական նոր, քաղաքային թաղամասերուն միջեւ: 1930-ականնեու վերջաւորութեան այս ակումբը կ՚անուանակոչուի «Անդրանիկ»: Ան կը յաջողի կեդրոնը դառնալ մտաւորական եւ մարզական եռուն գործունէութեան մը: Հոն կը կազմակերպուէին գրական երեկոներ, երաժշտական համերգներ, զանազան նիւթերու շուրջ ...

կարդալ աւելին