Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը. Միութեան Յանձնառութիւնը Ի Նպաստ Նոր Սերունդին
ՀԵԸ-ի հիմնադիր Բաբգէն Կիւլեսէրեան կաթողիկոսը (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Նիր Իսթ Ռիլիֆի Պէյրութի ակումբը
(CPA, Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ):
ՀԵԸ-Ի Ծննդոցը
Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան ծնունդի պատմութիւնը գրելու համար անհրաժեշտ է վերանայիլ հայ որբերու կտրած ճամբուն` 1920-ականներու վերջաւորութեան եւ 1930-ականներու սկիզբին: Չափահաս դարձած բազմաթիւ որբեր կը պատրաստուէին այն ատեն դուրս գալու իրենց ապաստան տուած հաստատութիւններէն:Արդ, այս երիտասարդներու համարկումը ընկերութեան մէջ գլխաւոր մտահոգութիւնը դարձած էր որբանոցներու պատասխանատուներուն: Անոնք որոշեցին իրենց սաներուն կեանքի մէջ ընկերակցելու քաղաքականութիւն մը գործադրել, որպէսզի անոնց ընկերային համարկումը հեզասահ ըլլայ: Այսպիսով, Նիր Իսթ Ռիլիֆը 1927-էն սկսեալ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ հիմնեց հաստատութիւններ, ուր ամէն երեկոյ կը հաւաքուէին ամերիկեան որբանոցներու նախկին սաները: Այս ակումբները, որոնք ծանօթ էին «Նիր Իսթ Լիկ» անունով, չափահաս դարձած որբերուն հետ կապը պահպանելու կը ծառայէին: Հոն նաեւ երեկոյեան դասընթացներ կը կազմակերպուէին. որբերը լեզու կը սորվէին կամ մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներու կը մասնակցէին: Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի եւ հայկական վարժարաններու շրջանաւարտ այլ հայ երիտասարդներ ալ կը յաճախէին Պէյրութի եւ Հալէպի «Նիր Իսթ Լիկի» ակումբները: ...