1950-ականներուն է նաեւ որ կը նկատուի աճ` ՀԵԸ-ի բոլոր մասնաճիւղերէն պատուիրակներ խմբող ընդհանուր ժողովներու յաճախականութեան մէջ: Այս ժողովները կ՚արտայայտէին վարչականներու ցանկութիւնը` Միութեան ներքին կազմակերպչական կառոյցը ամրապնդելու: ՀԵԸ-ի առաջին Ընդհանուր Ժողովը կազմակերպուած էր 1937-ին, Պէյրութի մէջ, բայց յաջորդները բաւական երկար ընդմիջումներով գումարուած էին. 1945 Նոյեմբեր` Պէյրութ, 1950 Ապրիլ Եւ 1954 Ապրիլ` Հալէպ: 1956-ին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ վճռորոշ դեր ունեցաւ Ընկերակցութեան վերակառուցման մէջ, կազմուած էր հետեւեալ անդամներէն. Աւետիս Մանուկեան, բժ. Երուանդ Մարգարեան, Յարութիւն Գազանճեան, Ժիրայր Պոյաճեան (Սուրիա), Ալեքսան Բիւզանդեան (Սուրիա), Խաչեր Գալուստեան եւ Գուրգէն Եալընըզեան:
Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ՀԵԸ-ի եռանդուն գործունէութեան հետեւանքը եղաւ անոր անդամներուն թիւի աճը եւ գործունէութեան ոլորտներու բազմացումը: ՀԲԸՄ-ի տեղւոյն վարչութիւններու զօրակցութեամբ` ՀԵԸ-ի վարչականները լծուեցան մշակութային եւ մարզական կեդրոններ շինելու ծաւալուն ծրագիրին: Այսպէս. Լիբանանի մասնաճիւղը 1957-ին գնեց 4500 քառակուսի մեթր հողակտոր մը` 100000 լ.ո.-ի` Սըն ըլ ֆիլի մէջ` Պէյրութի մօտ: Գումարին կէսը տրամադրեց Միութեան Նիւ Եորքի կեդրոնը: 1959-ի Մարտին ՀԵԸ-ը Պէյրութի մէջ կազմակերպեց երրորդ «Ողիմպիական Խաղերը» («Նաւասարդեան» կոչուած), քաղաքապետարանի դաշտին մէջ: Այս մարզական ձեռնարկը իր նախորդներէն կը տարբերէրծաւալով եւ գործադրուած միջոցներով. ան անկիւնադարձ մըն է Ընկերակցութեան պատմութեան մէջ: ...
Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը. Միութեան Յանձնառութիւնը Ի Նպաստ Նոր Սերունդին
ՀԵԸ-ի երեսնամեակին առիթով կազմակերպուած նաւասարդեան խաղեր, Պէյրութ, 1961(ՀԵԸ-ի արխիւ, Պէյրութ):
ՀԵԸ-ի չորրորդ Ընդհանուր Ժողով, Հալէպ, 1954 (ՀԵԸ-ի արխիւ, Պէյրութ):
Նաւասարդեան խաղեր, 1963, Պէյրութ (ՀԵԸ-ի արխիւ, Պէյրութ):