Հայաստան ներգաղթը քաջալերելու նպատակով Գահիրէի մէջ կազմակերպուած հաւաք (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Գահիրէ):
Միութիւնը Կը Դիմագրաւէ Բազում Մարտահրաւէրներ. Համագործակցութեան Դժուարութիւնները
Հայրենադարձի կոչին անսացին տասնեակ հազարաւոր հայեր, որոնք կամաւոր արձանագրուեցան մայր հայրենիք այս վճռորոշ ճամբորդութեան: Անոնցմէ շատերուն համար Հայաստանի մէջ նոր կեանք սկսիլը մտասեւեռում մըն էր, փրկութեան լաստ մը, եւ յոյսը` յաղթահարելու տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ ինքնութեան կապուած լուրջ խնդիրներ, որոնց կը բախէին սփիւռքի մէջ:
Գործնականին մէջ, սակայն, ներգաղթի կազմակերպումը բացարձակապէս չէր համապատասխաներ հայրենադարձի թեկնածուներու խանդավառութեան եւ ապրած նորաբողբոջ յոյսերուն: Այս գործին մէջ մէկ միլիոն ԱՄՆ տոլար ներդրած Միութեան Կեդրոնը աշխարհասփիւռ իր զանազան մասնաճիւղերէն սկսաւ ստանալու նամակներ եւ հեռագիրներ, որոնց մէջ կը խօսուէր բազմաթիւ միջադէպերու եւ ներգաղթի կոմիտէներու անդամներուն, ինչպէս նաեւ գործողութիւնները հսկող խորհրդային պատուիրակներուն գործած ձախաւերութիւններուն մասին: Ճիշդ է, այս նամակները մեղադրական ոճ չունէին, Միութիւնը ...
Բարի գալստեան պաստառները կը դիմաւորեն Երեւան ժամանող ներգաղթողները (Էդուարդ Մելքոնեանի հաւաքածոյ, Երեւան):
Դիլիջանի հանգստեան տան մէջ բուժուող ներգաղթող: Ներգաղթը քաջալերելու ծառայող լուսանկար (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Ներգաղթը. Խորհրդային Հայաստանին Հետ Համագործակցութեան Նոր Էջ` Նոր Խոչընդոտներով