ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 25

Ներգաղթի Վերջը. Հայրենադարձներու Հիասթափութիւնը

1947-ի Հոկտեմբերին Նիւ Եորք արտասանուած ճառի մը մէջ Անտրէյ Վիշինսկին` ՄԱԿ-ի մէջ Խորհրդային Միութեան ներկայացուցիչը այդ օրերուն, պահանջեց Կարսի եւ Արտահանի շրջաններու կցումը Խորհրդային Վրաստանին: «Դիւանագիտական» այս արարքը կարելի է համարել աւարտը` Խորհրդային Միութեան ղեկավարներուն կողմէ հայկական սփիւռքին ուղղուած հրապուրանքին եւ կասեցումը` ներգաղթի գործողութիւններուն, որոնք, ի վերջոյ, առիթ ստեղծած էին հազարաւոր հայերու տունդարձին: Միւս կողմէ, կարելի չէ անգիտանալ, որ դէպի Հայաստան այս զանգուածային մեկնումները մեծապէս նպաստեցին տկարացնելու խորհրդայիններուն համակիր քաղաքական կազմակերպութիւնները, յատկապէս Արեւելքի համայնավար կուսակցութիւնները, որոնց ամենէն եռանդուն անդամները գրեթէ բոլորն ալ ներգաղթել փափաքեցան: Մոսկուայի ցանկութիւնը` տեղւոյն վրայ պահելու ազդեցութեան ցանց մը, բացայայտ կ՚երեւի Մարտ 1947 թուակիր ֆրանսական պաշտօնական տեղեկագիրի մը մէջ. «[...] Խորհրդային Միութիւնը կը համարէ որ 1946-ին աշխարհի շատ մը երկիրներու հայերուն սիրելի դառնալէ ետք, իրեն համար ամենէն նպատակայարմարը, այսուհետեւ, զանոնք իր ազդեցութեան տակ պահելն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Անոնք հոն ճնշումի կարեւոր գործիքի մը կը վերածուին այն օրը, երբ որոշ օտար ուժեր փորձեն ազդեցութեան գօտիներ որոնել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ»: ... կարդալ աւելին

Ներգաղթելու չյաջողած պարսկահայեր, զորս յանձն առաւ Թեհրանի ՀԲԸՄ-ը, 1947-ին (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

Ներգաղթը. Խորհրդային Հայաստանին Հետ Համագործակցութեան Նոր Էջ` Նոր Խոչընդոտներով