տոլար հաւաքելու` դէպի Հայաստան փոխադրութեան գործողութիւններու ծախսերը հոգալու համար: Երեւանի ներկայացուցիչները ՀԲԸՄ-էն խնդրած են իր օժանդակութիւնը կեդրոնացնել հետեւեալ ոլորտներուն վրայ` ներգաղթողներու փոխադրութեան ծախսեր, Հայաստան հասնելէ ետք առաջնային ծախսեր, կարօտեալ հայրենադարձ ընտանիքներուն օգնութիւն` Հայաստանի մէջ տուներ շինելու համար, մատակարարում արտադրամասերու, բժշկական հաստատութիւններու, ծննդատուներու, կահաւորման միաւորներու, հագուստի, կօշիկի եւ այլ առարկաներու:
Հանգանակութեան յանձնախումբին նախագահը Լեւոն Կերտանն է, Միհրան Գարակէօզեանը անոր գանձապահն է, Երուանդ Մեսիայեանն ալ` քարտուղարը: Այս յանձնախումբին յաջողութիւնները գերազանցեցին բոլոր ակնկալութիւնները. Միութիւնը յաջողեցաւ 1946 Ապրիլէն 1947 Յունիս հաւաքելու 1413041 ԱՄՆ տոլարի գումար մը, որ ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ ներգաղթի գործողութիւններուն: ...
Վերին Ճեզիրէէն ներգաղթողներ կը հիւրընկալուին Պէյրութի մէջ, նախքան Հայաստան իրենց ճամբորդութիւնը (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Ժողովուրդի Ներգաղթը Հայաստան. Միութեան Յանձնառութիւնը
25 Դեկտեմբեր 1945-ին Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը պաշտօնական նամակ մը կը ստանայ Սփիւռքէն Ներգաղթող Հայերու Ընդունման Եւ Տեղաւորման Յանձնախումբի նախագահ Բ. Աստուածատրեանէն: Նամակը կը տեղեկացնէր ներգաղթի անյապաղ բնոյթը եւ կը հրաւիրէր Միութիւնը իր մասնակցութիւնը բերելու այդ գործողութիւններուն:
Փետրուար 1946-ին Միութիւնը կ՚որոշէ կազմակերպել հանգանակութեան մեծ արշաւ մը, որ կը միտէր մէկ միլիոն ԱՄՆ
Պարսկահայեր՝ Հայաստան ներգաղթի ճամբուն վրայ (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Ներգաղթը. Խորհրդային Հայաստանին Հետ Համագործակցութեան Նոր Էջ` Նոր Խոչընդոտներով