Պարզ է, ուրեմն, որ սփիւռքի մէջ բոլոր ազդակները համատեղուած էին դրական արձագանգ տալու համար Խորհրդային Հայաստանէն եկող «Մայր Հայրենիք» վերադառնալու կոչի մը: Խորհրդայիններու տեսակէտէն բնակիչներու զանգուածային տեղափոխութիւնը բազմաթիւ դրդապատճառներ ունէր: Նախ նացիներուն յաղթելը շատ սուղ արժած էր: Խորհրդային Միութիւնը պատերազմէն դուրս ելած էր սնանկացած, ոչնչացած եւ սպառած: Բնականաբար, ան չէր հրաժարած միջազգային թատերաբեմին վրայ կարեւոր դերակատար ըլլալու ձգտումէն- կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպաները խորհրդային ազդեցութեան գօտի դարձած էին-, բայց ամբողջ կայսրութիւնը ծայրայեղ թշուառ վիճակի մէջ էր, պէտք էր յանձն առնէր հետեւանքները պատերազմի պատճառած զանգուածային քանդումներուն եւ գերմանական բանակին յաղթելու համար Սթալինին կողմէ իր ժողովուրդին պարտադրուած ահաւոր արիւնայեղումին: Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, այս վերջինի պատճառած խորունկ վէրքերը դարմանելու եւ համաշխարհային իսկապէս հզօր պետութեան կարգավիճակ նուաճելու համար, խորհրդային վարչամեքենան վճռակամօրէն որոշած էր մեծ միջոցներ օգտագործել:
Այս մթնոլորտին մէջ պէտք է տեղաւորել Մոսկուայի «Մայր Հայրենիք» վերադարձի կոչը` ուղղուած հայ, բայց նաեւ ռուս եւ ուկրաինացի ժողովուրդներուն: Պէտք չէ մոռնալ, որ Խորհրդային Միութիւնը շուրջ 20 միլիոն զոհ ունեցած էր պատերազմի ընթացքին -գլխաւորաբար տղամարդիկ- այսինքն այդ օրերու բնակչութեան 12%-ը: Ուրեմն երկիրը սուր կարիք ունէր մարդուժի, որ խորհրդային որոշ հանրապետութիւններու, ինչպէս օրինակ Հայաստանի պարագային, կրնար արտասահմանէն գալ: Այս ծրագիրը իրականացնելու համար` Մոսկուան փորձեց զօրակոչի ենթարկել իր դատին նուիրուած սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւնները, որպէսզի վերջիններս հայ զանգուածներուն մէջ տարածեն «հայրենադարձ»ի գաղափարը` բնականաբար, շեշտը դնելով «հայրենասիրական» փաստարկներու վրայ, որոնք կրնային համոզել ամենէն վարանոտները անգամ` հաւանական ներգաղթողները հրապուրելով Հայաստան հաստատուելու բազմաթիւ առաւելութիւններով: ...
ՀԲԸՄ-ի կողմէ մամուլի մէջ տպուած յայտարարութիւն՝ «ներգաղթին» ի նպաստ հանգանակութիւնը ծանուցող (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Քարոզչական լուսանկար, ուր պատկերուած են Երեւանի Պետական Համալսարանի «ներգաղթած» ուսանողներ (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Ներգաղթը. Խորհրդային Հայաստանին Հետ Համագործակցութեան Նոր Էջ` Նոր Խոչընդոտներով