ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 21

Մարսիլիոյ նաւահանգիստէն մեկնող առաջին նաւերէն մէկը, որուն վրայ կային չորս հազարէն աւելի ներգաղթողներ, 6 Սեպտեմբեր 1947 (Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ):

«Ներգաղթին» Իսկական Դրդապատճառները Եւ Միութեան Դիրքորոշումը

Կարմիր Բանակի ջախջախիչ յաղթանակը գերման զօրքին վրայ եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ խորհրդայիններու կատարած նուաճումները նպաստեցին միջազգային հանրային կարծիքին մէջ անպարտելի Խորհրդային Միութեան մը պատկերին ձեւաւորումին: Հայկական շրջանակներն ալ, մեծամասնութեամբ, դրականապէս տրամադրուած էին Խորհրդային Միութեան հանդէպ, մանաւանդ անոր համար, որ Մոսկուան 1945-ին պաշտօնապէս պահանջած էր Կարսի եւ Արտահանի շրջաններու կցումը Խորհրդային Հայաստանին` առաւել եւս ամրապնդելով իր հեղինակութիւնը սփիւռքահայութեան մէջ եւ սիրաշահելով նոյնիսկ մոլեռանդ քննադատները: Անշուշտ, հայկական հարցի վեաբերող այս աճուրդը նախաճաշակ մը կու տայ «պաղ» պատերազմին մասին, որ այն ատեն կը պատրաստուէր խորհրդային եւ արեւմտեան աշխարհներուն միջեւ: Մի քանի տարի անց, երբ արդէն վերջ գտած էին ներգաղթի գործողութիւնները, խորհրդային պատասխանատուները կը շարունակէին պահանջել նոյն հողերը, բայց այս անգամ Խորհրդային Վրաստանի անունով: Մոսկուայի նպատակը, այն ատեն, Թուրքիոյ վրայ իր ճնշումը սաստկացնելն էր` խուսափելու ...

կարդալ աւելին

Ներգաղթը. Խորհրդային Հայաստանին Հետ Համագործակցութեան Նոր Էջ` Նոր Խոչընդոտներով