ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 20

1937-ի բիրտ խզումէն ետք, ՀԲԸՄ-ը Խորհրդային Միութեան հետ իր կապերը կը վերահաստատէ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին: Ինչպէ՞ս բացատրել այս շրջադարձը, երբ 1930-ականներու գործակցութիւնը կտրուկ կերպով դադրած էր Երեւանի կամքով եւ Միութեան հետ կապերու միակողմանի խզումով:

Այս հարցումին պատասխանը կարելի է յատկապէս գտնել պատերազմի առաջին տարիներուն Խորհրդային Միութեան կողմէ հայկական սփիւռքին հանդէպ որդեգրուած նոր ռազմավարութեան մէջ: Փաստօրէն համաշխարհային պատերազմին ընթացքին խորհրդայիններուն կրած նիւթական հսկայական վնասները եւ մարդկային զոհերու մեծ թիւը մղեցին համայնավար ղեկավարները`արտաքին աշխարհին հետ իրենց յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու: Ի վերջոյ Հիթլերի վարչակարգի սպառնալիքը ստիպեց երկու գաղափարական թշնամիները` խորհրդայինները եւ արեւմտեան աշխարհը` մերձենալու եւ զինուորական դաշինք կնքելու: ...

կարդալ աւելին

«Ներգաղթը». Խորհրդային Հայաստանին Հետ Համագործակցութեան Նոր Էջ` Նոր Խոչընդոտներով

Լեւոն Կերտանը՝ ՀԲԸՄ-ի փոխնախագահը, ֆրանսացի գրող եւ հրապարակագիր, որ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին Նիւ Եորք ապաստանած էր եւ զօրավար Տը Կօլը, վերջինիս Նիւ Եորք այցին ժամանակ: Լ. Կերտանը նախագահն էր ներգաղթին ի նպաստ հանգանակութիւններուն (Կերտան ընտանիքի հաւաքածոյ, Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

Լեւոն Կերտանի նախագահած ներգաղթին ի նպաստ հանգանակութեան յանձնախումբի պաշտօնաթուղթ (Կերտան ընտանիքի հաւաքածոյ, Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

Ներգաղթի համար հանգանակութեան նուիրատուներուն տրուած ստացագիրի օրինակ՝ տրուած ֆրանսահայ նուիրատու Վահէ Անդրանիկեանին (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):