Յաջորդ շաբաթներուն ընթացքին Վազգէն Ա. առիթ կ՚ունենայ գնահատելու Միութեան շրջանակին մէջ իր վայելած զօրակցութիւնը, յատկապէս Պրազիլ, Ուրուկուէյ եւ Արժանթին: Փարիզի մէջ, ուր Եւրոպայի Շրջանակային Վարչութիւնը ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր 16 Սեպտեմբեր1960-ին, ան յատուկ կերպով կը շեշտէ, թէ իր առաքելութեան ընթացքին մեծ գոհունակութիւն զգացած է` հաստատելով նախագահ Մանուկեանի եւ Միութեան վարչականներուն ունեցած պարտականութեան «ամբողջական գիտակցութիւնը»: Կարելի է աներկբայօրէն պնդել, որ Վազգէն Ա. հայրենիք վերադարձաւ գօտեպնդուած իր գտած ընդունելութեամբ եւ Միութեան ղեկավարներու զօրակցութեամբ, համոզուած նաեւ, որ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի թեմերը լրջօրէն վտանգուած չեն Անթիլիասի յառաջխաղացքէն: Պէտք է նկատի ունենալ սակայն, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալելու Միութեան ապրած երկու դժբախտ փորձառութիւնները կարծես թէ համոզած են Կեդրոնական Վարչութեան անդամները` առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւն ունենալ Էջմիածինի Կաթողիկոսարանին հետ եւ միաժամանակ հեռաւորութիւն պահել հայ համայնավար նուիրապետութենէն: Հայաստանեայց Եկեղեցիի Մայր Աթոռին հետ յարաբերութիւններով գոհանալով` անոնք հաւանաբար կ՚ուզէին նաեւ սիրաշահիլ ամերիկեան իշխանութիւնները, որոնք մօտէն կը
հետեւէին հայկական թղթածրարին:
Զուգադիպաբար կամ դիտաւորեալ կերպով` Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Եակով Զարոբեանը, կուսակցութեան 1960-ի աշնան տարեկան ընդհանուր ժողովին, հրապարակային յայտարարութիւն մը ըրաւ եւ «դրական կարծիք» յայտնեց հայ երեք կուսակցութիւններու գործունէութեան մասին: Տասնամեակներու թունոտ յարձակումներէն ետք, խօսելակերպի այս փոփոխութիւնը մեծ դեր ունեցաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի ...
Վազգէն Ա. կաթողիկոսը՝ Նիւ Եորք իր այցին, Ալեք Մանուկեանի եւ ԱՄՆ-ի հայկական թեմերու առաջնորդներուն հետ (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):
Միութիւնը Եւ Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռը. Վազգէն Ա Կաթողիկոսը Եւ Ա. Մանուկեանը