ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 18

Վազգէն Ա-ի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ գահակալ ընտրութիւնը կը նշէ Էջմիածնի կաթողիկոսի վերադարձը սփիւռքեան թատերաբեմ: Խորհրդային հայրենասիրութիւնը խրախուսելու նպատակով, Սթալինի կողմէ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ազգային եկեղեցիներուն եղած զիջումներուն շարքին, Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութիւնը վերջ դրաւ հոգեւորականներու հալածանքին, բայց պետական մարմինի մը հսկողութեան տակ դրաւ կրօնական հաստատութիւնները: Ըստ Հայաստանի պետական անվտանգութեան նախկին պետ գնդապետ Սուրէն Յովհաննիսեանին, որ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գործերու Խորհուրդի առաջին նախագահն էր, Գէորգ Զ. Վեհափառի վախճանումէն ետք իր յաջորդին ընտրութիւնը երկար ատեն ձգձգուեցաւ, որովհետեւ ան պէտք է հաստատուէր Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան քաղպիւրոյին կողմէ: Այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ քաղաքական կարեւորութիւնը, որ կեդրոնը կու տար այս պաշտօնին: Կրնանք ենթադրել, որ կաթողիկոսական աթոռի վերարժեւորումը արդիւնք էր Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարներուն եւ Մոսկուայի միջեւ համախոհութեան մը. հայերը հաւանաբար համոզած էին Քրեմլինը, որ այս քայլը կարեւոր էր` աւելի լաւ ազդելու համար սփիւռքահայութեան վրայ եւ հոն հակակշռելու աճող ազդեցութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, որուն վրայ կը հսկէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: 1963-էն 1970 Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Գործերու Խորհուրդի նախագահ Կառլէն Դալլաքեանի եւ այլոց վկայութիւնները կը հաստատեն, որ Եակով Զարոբեանի եւ ...

կարդալ աւելին

Միութիւնը Եւ Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռը. Վազգէն Ա Կաթողիկոսը Եւ Ա. Մանուկեանը

Վազգէն Ա. կաթողիկոսը՝ իր ընտրութենէն քիչ ետք, 1955-ին (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

Վազգէն Ա. կաթողիկոսը՝ Նիւ Եորք իր այցին, Ալեք Մանուկեանի հետ (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):