ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 17

6 Յունիս 1962-ին, Կեդրոնական Վարչութիւնը կ՚որոշէ լուծարել Եւրոպայի Շրջանակային Վարչութիւնը: Փարիզի նախկին վարչականներուն կողմէ Կեդրոնին դէմ յարուցուած դատը` 1962 Սեպտեմբերին, կը թունաւորէ Միութեան կեանքը եւ կ՚անդամալուծէ Եւրոպայի մէջ անոր գործունէութիւնը: Ալեք Մանուկեանը անձամբ Փարիզ կ՚երթայ 22-էն 25 Սեպտեմբեր 1962-ին, հոն ստեղծելու համար ժամանակաւոր ներկայացուցչութիւն մը, որ կը վստահուի Գրիգոր Պահրիին: Հաշտութեան բազմաթիւ փորձեր կ՚ըլլան փարիզեան այլախոհներու գլխաւոր առաջնորդներէն մէկուն` Նուրհան Ֆրէնկեանի հետ, բայց իզուր : Հարցը այս ձեւով կը ձգձուի մինչեւ 1969: Այդ տարուան 3-էն 19 Մայիսին Փարիզի մէջ տեղի կ՚ունենայ համաշխարհային խորհրդակցական ժողով մը` մասնակցութեամբ ամբողջ աշխարհէն ժամանած յիսնեակ մը պատուիրակներու, որոնց թուին Ա. Մանուկեանը, Ե. Հիւսիսեանը (Միլանէն), Շաւարշ Սեւյօնքեանը (Լոզանէն), Հ. Տէրտէրեանը, Տ. Սիմսարեանը, Գ. Կիրակոսեանը, Իսքէնտէրեանը (Պէյրութէն), Եդուարդ Իւթիւճեանը (Փարիզէն) եւ Զ. Մենտիքեանը (Միլանէն): Ժողովը վերջ կը դնէ Փարիզը Նիւ Եորքին հակադրող հակամարտութեան` Նիւ Եորքի յաղթանակով: 19 Մարտ 1970 թուակիր իր նամակով Ալեք Մանուկեանը կը յայտնէ Եւրոպայի Շրջանակային Վարչութեան վերացումը եւ Ֆրանսայի Շրջանակային Վարչութեան ստեղծումը` այսպէս հաստատելով այնուհետեւ Միութեան գործունէութեան մէջ Փարիզի տարած երկրորդական դերը: ...

կարդալ աւելին

Ալեք Մանուկեանի Նախագահութիւնը Պաղ Պատերազմի Շրջանին

Ալեք Մանուկեանը եւ Գրիգոր Կիրակոսեանը՝ գործադիր տնօրէնը (1947-1970), Փարիզի մէջ, 1959-ի Սեպտեմբերին: Նուրհան Ֆրէնկեանը զիրենք կը դիմաւորէ Պուրժէի օդակայանին մէջ (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

Նիւ Եորքի մէջ 1964-ի Յունիսին կը տօնուի ՀԲԸՄ-ի տարեդարձը (ՀԲԸՄ-ի արխիւ, Նիւ Եորք):