Յուլիս 1951 թուակիր ֆրանսական դիւանագիտական տեղեկագիր մը կը հաստատէ հայկական գործերուն մէջ նոր միջամտութիւններու առկայութիւնը: Այսպէս, Հալէպի մէջ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոսը կը յայտնէ, որ Զարեհ Արք. Փայասլեանը Անթիլիասի մէջ հանդիպած է «Տիար Վահան Կոստանեանէ եւ փրոֆէսէօր Աշոտ Աբրահամեանէ» կազմուած պատուիրակութեան մը, որ «փափաք յայտնած է հանդիպելու իրեն» : Հիւպատոսը կը հաստատէ, որ «սովետները» մտահոգ են «Անթիլիասի այժմու գահակալի յաջորդի» խնդիրով, եւ որ, ուրեմն, ուզած են «շօշափել այս մասին Զարեհ Արք.ի մտադրութիւնները», որովհետեւ կը վախնան, որ կարգ մը թեմեր «լքեն Էջմիածնի կաթողիկոսութիւնը` Անթիլիասինին միանալու համար, եթէ այսօրուան խորհրդայիններու համակիր գահակալը օր մը փոխարինուի Խորհրդային Միութեան հակառակորդ կաթողիկոսով մը»: 1952-1956 տարիները, որոնց ընթացքին Կիլիկիոյ Աթոռի տեղապահներ վարեցին կաթողիկոսական ընթացիկ գործերը, կը յատկանշուին շատ աւելի մեծ չափանիշի ձեռնածութիւններով, որոնց առաջքը հայ ոչ մէկ կրօնական օրինաւոր հեղինակութիւն կրցաւ առնել. այս բոլորը գրեթէ անխուսափելի դարձուցին բրտութեան պոռթկումը, որ նկատելի է 1956-էն 1958 Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ գաղութին մէջ: Ըստ մեր ունեցած կարգ մը տեղեկութիւններուն, Միութիւնը հեռու մնացած է իրարու դէմ պայքարող հատուածներէն, բայց շատ ծանր ապրած է այս եղբայրասպան բախումները: 1950-ականներու ընթացքին նշմարուող փոփոխութիւնները` ազգային վարժարաններուն յատկացումներու ...
Ալեք Մանուկեանի Նախագահութիւնը Պաղ Պատերազմի Շրջանին
Ալեք Մանուկեանի Սեպտեմբեր 1959-ի այցելութիւնը Փարիզ: Նուրհան Ֆրէնկեանը զինք կը դիմաւորէ Զարեհ Նուպարի հետ (նստած) (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):