ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 15

Երբ տարեկան Ընդհանուր Ժողովը կազմակերպութեան ղեկը կը վստահի Ալեք Մանուկեանին, 12 Դեկտեմբեր 1953-ին, վերջինս կը դիմագրաւէ հակասութիւններով լեցուն կացութիւն մը` մեծ փոփոխութիւններու ենթակայ աշխարհի մը մէջ: Պաղ պատերազմը բուռն ընթացքի մէջ է` հայ աշխարհին վրայ ազդող ուղղակի հետեւանքներով: Բնականաբար, Միութեան համար խօսք չի կրնար ըլլալ այլեւս Խորհրդային Հայաստանի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն ունենալու մասին: Խրուշչեւեան «ձիւնհալը» փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ Խորհրդային Միութեան ներքին կեանքին մէջ, բայց գործնական ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ Խորհրդային Միութիւնը Արեւմտեան աշխարհին հակադրող մենամարտին վրայ: Ներկայիս մեր տրամադրութեան տակ գտնուող աղբիւրներուն հիմնուելով կարելի չէ ճշգրտօրէն եզրակացնել, թէ Ալեք Մանուկեանն ու Միութեան վարչականները ինչպէս դիմագրաւեցին այս ճգնաժամը: ...

կարդալ աւելին

Ալեք Մանուկեանի Նախագահութիւնը Պաղ Պատերազմի Շրջանին

ՀԲԸՄ-ի հինգերորդ նախագահ Ալեք Մանուկեանը (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):

Ալեք Մանուկեանի Նախագահութիւնը Պաղ Պատերազմի Շրջանին – Հայու Ճակատագիր (Տեսաերիզ)

Սահակ Խապայեան կաթողիկոսը, Պետրոս եպս. Սարաճեանը եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի բարձր քոմիսէրութեան ներկայացուցիչը՝ ֆրանսացիներու մեկնումի վաղորդայնին (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):