Պատերազմի աւարտը կը նշանակէ նաեւ Միութեան Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ գաղթականներուն ի նպաստ Միութեան գործունէութեան կապուած հին կառոյցներուն լուծարումը: Այսպէս է որ, 1946-ի Ապրիլին, Եւրոպայի Գործադիր Խորհուրդը կը հաստատէ ծրագրուած լուծարումը Նանսէնեան Գրասենակին, որուն հետ Միութիւնը սերտօրէն գործակցած էր` գաղթականները ընկերային կեանքին համարկելու եւ պատշաճ կացարաններու մէջ տեղաւորելու համար: Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ֆրանսական հոգատարութեան վերացումը եւ այս երկու երկիրներու անկախացումը՝ Գրասենեակի գոյութիւնը ժամանակավրէպ կը դարձնէին: Փարիզի Կեդրոնական Վարչութեան պատմական դէմքերէն մէկը` Տիգրան Խան Քելէկեանը, վերջին ընդդիմացողը կ՚ըլլայ կեդրոնի ԱՄՆ հաստատումին: Ըստ Գրիգոր Պահրիի, ան 14 Սեպտեմբեր 1950-ին կը հանդիպի Եւրոպայի նախկին Գործադիր Խորհուրդի եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն հետ` «անոնց բացատրելու համար Կեդրոնի Նիւ Եորք հաստատման անպատեհութիւնները», բայց կը մահանայ 1 Յունուար 1951-ին` Եւրոպայի իր վերադարձէն քիչ ժամանակ ետք: Նկատի առնելով Փարիզի եւ Գահիրէի ընդդիմութիւնը` Արշակ Գարակէօզեանը կը նախընտրէ չգործադրել 1948-ի Ընդհանուր Ժողովի որոշած Միութեան հպատակութեան փոփոխութիւնը: Այսպիսով կացութիւնը կը խաղաղի ժամանակաւորապէս: Նշենք նաեւ որ 7 Ապրիլ 1953-ին` Փարիզ իր գործի այցելութեան մը ընթացքին, ...
40-րդ արեւելեան փողոցի 109 հասցէին գտնուող ՀԲԸՄ-ի 1950-ականներու կեդրոնը Նիւ Եորքի մէջ (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Միութեան կողմէ Փարիզի մէջ ներգաղթին ի նպաստ տպուած դրոշմաթուղթերու կապարները (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
Միութեան Վերակազմակերպումը Նիւ Եորքի Ղեկավարութեամբ