Նիւ Եորքի մէջ կազմուած Կեդրոնական Վարչութեան առջեւ դրուած գլխաւոր հարցը Միութիւնը ամերիկեան բաժնետիրական ընկերութեան` American corporation-ի վերածել-չվերածելու խնդիրն էր: Այս իրաւական լուծումին առաւելութիւնը այն էր, որ Միութիւնը իրաւունք կ՚ունենար ստանալու հարկերէ զուրկ կամ հարկերէն հանուող կտակներ եւ նուիրատուութիւններ: Խնդիրին թղթածրարը առաջին անգամ մը քննուեցաւ 1945 Դեկտեմբերի Ընդհանուր Ժողովին ընթացքին. ժողովը, սակայն, բաւարարուեցաւ ստեղծելով յանձնախումբ մը եւ անոր պարտականութիւն տալով ուսումնասիրելու այդպիսի որոշումի մը հետեւանքները: Նիւ Եորքի մէջ 27 Նոյեմբեր 1948-ին գումարուած երեսունհինգերորդ Ընդհանուր Ժողովին ...
Միութեան Վերակազմակերպումը Նիւ Եորքի Ղեկավարութեամբ
Յետ պատերազմական Ժամանակաշրջանին - Հայու Ճակատագիր
(Տեսաերիզ)
Վահան Քիւրքճեանը՝ ՀԲԸՄ-ի պատուիրակը ԱՄՆ-ի մէջ եւ երկու պատերազմներուն միջեւ ստեղծուած բոլոր մասնաճիւղերու հիմնադիրը (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):
ԱՄՆ-ի Շրջանակային Վարչութիւնը՝ Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի վաղորդայնին, ձախէն աջ՝ Վահան Քիւրքճեան, Միհրան Գարակէօզեան, Զարուհի Գալեմքէրեան, Արշակ Գարակէօզեան, պատուելի Խ. Պէննէեան, Յարութիւն Կիւլպէնկեան, ոտքի ձախէն աջ՝ Գրիգոր Գալուստեան, Պետրոս Թէրզեան, Տիգրան Տիրատուրեան, Տիրատուր Տիգիճեան (Նուպարեան գրադարանի արխիւ, Փարիզ):