ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 2) | Page 12

Միութեան Փարիզ գումարուած վերջին Ընդհանուր Ժողովը տեղի կ՚ունենայ 6 Հոկտեմբեր 1938-ին: Յաջորդ տարուանը` նախատեսուած 4 կամ 18 Սեպտեմբեր 1939-ին, կը ջնջուի պատերազմին պատճառով: Գերմանիոյ հետ առճակատումը կը ստիպէ Կեդրոնական Վարչութիւնը` նախատեսելու արագ կերպով Ամերիկա փոխադրել իր ինչքը` գլխաւորաբար երեք անգլիական աւանդ: 22 Սեպտեմբեր 1939-ի նիստի ընթացքին քննարկուած Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արշակ Գարակէօզեանի առաջարկը այս հաւանականութիւնը ուսումնասիրեր է`«ամէն հաւանականութիւն նկատի առնելու համար»: Կեդրոնական Վարչութիւնը կը յանձնարարէ նոյնիսկ Ա. Գարակէօզեանին`ամերիկեան դրամատուներու մէջ երկու աւանդներ ստեղծել` այն պարագային համար, որ Միութեան ինչքի փոխադրութիւնը անհրաժեշտ դառնար:1 Նախագահ Զարեհ Նուպարը մտածած է նաեւ Միութեան նստավայրը Լօզան փոխադրելու մասին,2 բայց 1939-ի Հոկտեմբերէն արդէն Նիւ Եորք մեկնած է:3

Մինչ Փարիզը գերմանական զօրքի յառաջխաղացքի ուղղակի սպառնալիքին տակ է, շտապ կերպով կը հրաւիրուի Կեդրոնական Վարչական խորհուրդի նիստ մը` 20 Մայիս 1940-ին: Հաշուի առնելով կացութիւնը`Վարչական Խորհուրդը կ՚որոշէ 1) Լոնտոնի երեք աւանդները Նիւ Եորք փոխադրել, 2) իր վարչական եւ ելեւմտական իրաւունքները փոխանցել Նիւ Եորքի վարչութեան, 3) դադրեցնել Փարիզիմէջ Միութեան Վարչական Կեդրոնի աշխատանքները եւ լիազօր-պատուիրակ Վահան Մալէզեանը ղրկել հարաւային Ֆրանսա: Մի քանի շաբաթ ետք, 20 Սեպտեմբերին, ներկայ ...

Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը. Միութեան Ունեցուածքի Փոխադրութիւնը Նիւ Եորք

(1940-1945)

կարդալ աւելին