ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 99

1923 դպրոցական տարեշրջանին Պէյրութի որբանոցը պատսպարուած որբերու թիւը հինգ հարիւր ութսունմէկ էր: Ամէն տարի ամենամեծ որբերէն յիսուն հոգի կը ղրկուէին Հալէպ` արհեստ մը սորվելու Միութեան Կիլիկեան արհեստից դպրոց-որբանոցին մէջ: Քելէկեան-Սիսուանը, սակայն, իր սեփական արհեստից վարժարանը ունէր աղջիկներու համար, որոնք կը սորվէին կարուձեւ, ասեղնագործութիւն եւ հիւսուածք:28

1926-ին, Միութեան Երուսաղէմի որբանոցներու փակումէն ետք, այս քաղաքէն ժամանող երեք հարիւր քսաներկու որբեր հիւրընկալուեցան Քելէկեան-Սիսուան: Տարի մը ետք բժ. Ամատեանը տնօրէնի պաշտօնէն հրաժարեցաւ եւ ժամանակաւոր կերպով փոխարնիուեցաւ բժ. Մելքոնեանի կողմէ:

Քելէկեան-Սիսուանէն զատ, Լիբանանի մէջ կային հայերու կողմէ տնօրինուող այլ որբանոցներ ալ, ինչպէս Որբախնամինը` Ճիւնիի մէջ, որ կը պատսպարէր շուրջ երկու հարիւր յիսուն երեխաներ: Հիմնուած 1920-ին, երբ Որբախնամը իր Այնթապի հաստատութեան որբերը ստիպուած եղաւ տեղափոխելու` ան տակաւին կը ղեկավարուէր Ղ. Ղպլիկեանի կողմէ: 1928-ին, սակայն, այս որբանոցը յայտնուեցաւ նիւթական դժուար պայմաններու մէջ եւ ...

կարդալ աւելին

Միութեան Նոր Որբանոցները Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի Եւ Կիպրոսի Մէջ

Պէյրութ Քելէկեան –Սիսուան որբանոցի սաները, 24 Նոյեմբեր 1923. (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Կեսարացի որբերու ժամանումը Պէյրութի Քելէկեան-Սիսուան որբանոց. 1929 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

խաչով նշուած է այն բլուրը, որուն վրայ շինուած էր Պէյրութի որբանոցը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):