ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 100

Այս ամերիկեան հաստատութիւններէն իւրաքանչիւրը իր պատմութիւնը ունի. այստեղ բաւարարուինք համառօտ ակնարկով.

•Ճպէյլ (Պիպլոս) - Այս ամերիկեան որբանոցը հիմնուած է 1920-ի Հոկտեմբերին եւ ունէր շուրջ հազար երեխայ` մեծամասնութեամբ Այնթապի հաստատութեան նախկին սաներ: Ան կը ղեկավարուէր հայր Թրաւիսի կողմէ, որ յետագային փոխարինուեցաւ իր օգնականուհիին` դանիացի օրիորդ Փիթըրսընի կողմէ: Այս ապաստանարանը գոցուեցաւ 1925_ին եւ կրտսեր որբերը տեղափոխուեցան Սայտայի որբանոց:

• Նահր Իպրահիմ - ՆԻՐ-ի այս որբանոցը ստեղծուեցաւ 1923-ի գարնան` Կեսարիոյ եւ Քոնիայի ամերիկեան կազմակերպութեան հաստատութիւններու որբերուն դէպի Լիբանան փոխադրութենէն ետք: Ան ապաստան էր շուրջ հազար երեխաներու, որոնք տեղաւորուած էին գետափնեայ տուներու մէջ, ամերիկացի Սթանլի Քերրի տնօրէնութեան տակ: Մալարիան աւերներ գործեց այս հաստատութեան մէջ: 1924-ին չորս հարիւր վերապրողները փոխադրուեցան Ճպէյլի որբանոց:

• Ղազիր - 1919-ին ամերիկացիները հոս որբանոց մը ստեղծած էին լիբանանցի երեխաներուն համար, որոնք 1922-ին Սայտա տարուեցան: Անկէ ետք հաստատութիւնը վստահուեցաւ Եաքոբ Քունցլերին,

որ մեծամասնութեամբ ուրֆացի հազար հինգ հարիւր երեխաներ հիւրընկալեց: Հոս կը գործէր գորգագործութեան կարեւոր արհեստանոց մը, ուր կ’աշխատէին երիտասարդուհիներ: 1925-ին բացուեցաւ նաեւ կոյրերու վարժարան մը:

• Մա'մըլթէյն - ՆԻՐ-ը 1922-ին հոս հաստատեց մանչերու որբանոց մը, որ կը ղեկարուէր Թ. Ու. Կալլաուէյի կողմէ եւ ուր չորս հարիւր քսանհինգ երեխաներ արհեստ կը սորվէին: Այս հաստատութիւնը միայն տարի մը գործեց: Մա'մըլթէյնի միւս ամերիկեան որբանոցը` պզտիկ տարիքի երեխաներուն համար, գոցուեցաւ 1924-ին եւ շէնքը վերածուեացաւ բուժարանի:

կարդալ աւելին

Ճպէյլի որբանոցը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Նոր Որբանոցները Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի Եւ Կիպրոսի Մէջ