ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 101

Կիլիկեան որբանոց-արհեստից վարժարանի սաներն ու տնօրէն Ատուր Լեւոնեանը (4) կը դիմաւորեն Բարձր քոմիսէր զօրավար Վէյկանը (1) (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Հալէպ` Որբերու Խմբումի Մեծ Կեդրոնը

Հալէպի ամենամեծ որբանոցը կը գտնուէր ղեկավարութեանը տակ պատուելի Շիրաճեանին, որուն Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին կատարած դերին մասին արդէն խօսած ենք: Գերմանացիներու նիւթական օժանդակութենէն զրկուելէ ետք, պատուելիին երկսեռ հաստատութիւնը պատերազմէն ետք նիւթական մեծ դժուարութիւններու առջեւ գտնուեցաւ: Սկիզբը բրիտանացիները փոխարինեցին գերմանացիները եւ նպաստներ յատկացուցին: Երբ, իր հերթին, բրիտանական վարչակազմը հեռացաւ Սուրիայէն, 1919-ի վերջաւորութեան, որբանոցը ղեկավարուեցաւ, ՆԻՐ-ի կողմէ եւ որոշ ժամանակ վայելեց ֆրանսական Բարձր քոմիսէրութեան նիւթական օժանդակութիւնը: ...

կարդալ աւելին

Միութեան Նոր Որբանոցները Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի Եւ Կիպրոսի Մէջ