ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 102

Հաստատութեան առաջին տնօրէնը` Յակոբ Ոսկանը, 1922-ին փոխարինուեցաւ Նազարէթ Ֆստքճեանով, որուն յաջորդեց, 1923-ին, Համբարձում Պէրպէրեանը: Ամէն տարի հաստատութիւնը կ'ընդունէր Միութեան Պէյրութի եւ Երուսաղէմի որբանոցներէն որբեր: Այսպէս, 1922-ին Պէյրութի Քելէկեան-Սիսուանէն ութսունութ որբեր ընդունուեցան, որոնց մէկ մասը Երուսաղէմի Արարատեան

որբանոցէն եկած էր: Իր փակումին ատեն` 1925-ին, հաստատութիւնը ունէր միայն երեսուներկու սաներ, որոնք ղրկուեցան Պէյրութի որբանոցը:44 1921-ի աշնան Քարէն Եփփէն, դանիացի միսիոնարուհին, որ երկար տարիներ աշխատած էր Ուրֆայի մէջ, հաստատուեցաւ Հալէպ, զբաղելու համար պատերազմի ընթացքին առեւանգուած հայ մանկամարդուհիներու եւ երեխաներու որոնումով:45 Եփփէն ներկայացուցիչն էր Ազգերու Լիկային կապուած Մերձաւոր Արեւելքի կիներու եւ երեխաներու պաշտպանութեան Յանձնախումբին, որուն գործունէութիւնը շարունակուեցաւ 1928-ին զայն լուծարելու Ազգերու Լիկայի որոշումէն ետք ալ: Անոր գործունէութիւնը գլխաւորաբար կը կայանար հիւրընկալելուն մէջ հայ կիները, մանկամարդուհիները եւ երեխաները, որոնք գերեվարուած էին ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող սուրիական Միջագետքի (Ճազիրա) արաբ կամ քիւրտ ցեղախումբերուն կողմէ: Այս գործունէութիւնը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար,

կարդալ աւելին

Քարէն Եփփէ. Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Ազգերու Լիկայի պատուիրակ, առեւանգուած կիներու եւ մանուկներու հաւաքումի պատասխանատու (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Հալէպի Կիլիկեան որբանոց-արհեստից վարժարանէն խումբ մը աշկերտներ կը մեկնին դէպի Հայաստան 1924-ին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Նոր Որբանոցները Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի Եւ Կիպրոսի Մէջ