ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 103

Երուսաղէմ. Միութեան Վասպուրական Եւ Արարատեան Որբանոցները

1921-ին շուրջ ութ հարիւր հայ որբեր կային տակաւին Նահր Օմարի մէջ (Իրաք)՝ բրիտանական իշխանութիւններուն կողմէ լքուած իրենց բախտին: Մեծամասնութիւնը Վանէն էր եւ իրանական Ազրպէյճանէն. ասոնք Պաքուպայի որբանոցի նախկին սաներն էին, որոնց միացած էին Մոսուլի որբանոցէն եկողները: Սկիզբը կը նախատեսուէր այս որբերը տեղափոխել Հայաստան՝ Պաթումի ճամբով, բայց Իրաքի բրիտանական իշխանութիւնները ստիպուեցան հրաժարելու այս ծրագիրէն` Կովկասի անկայուն վիճակին եւ Հայաստանի մէջ տիրող սովին պատճառով:

Այն ատեն Միութիւնը որոշեց յանձն առնել այս հարիւրեակ մը երեխաները: Համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ մէկ կողմէ Միութեան եւ միւս կողմէ՝ ՆԻՐ-ի եւ բրիտանացիներուն միջեւ: Նահր-Էլ-Օմարի որբերու ճակատագիրին մասին Պաղեստինի մէջ բրիտանացի Բարձր քոմիսէր զօրավար Սթորզի եւ Սուրիոյ ՆԻՐ-ի տնօրէն Ճէյմզ Նիքըլի հետ բանակցեցաւ Միութեան Գործադիր Խորհուրդի անդամ Ճանիկ Չաքըրը: Հայկական եւ ամերիկեան կազմակերպութիւնները ...

կարդալ աւելին

Միութեան Նոր Որբանոցները Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի Եւ Կիպրոսի Մէջ