ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 104

Տասնվեց տարիքը բոլորած որբերը կ'աշխատէին քաղաքի արհեստաւորներուն քով (ատաղձագործներ, լուսանկարիչներ, եւայլն) եւ երեկոյեան կը վերադառնային որբանոց: Իրենց համար յատուկ երեկոյեան դասընթացքներ կազմակերպուած էին: 1923-ի Մարտին Արարատեանը ստեղծեց իր սեփական փողերախումբը՝ կազմուած որբերէ, Լութֆիք Օհանեանի եւ Գէորգ Նալպանտեանի ղեկավարութեամբ: 1924-ին տասնվեց տարին լրացուցած հարիւր քառասունհինգ որբեր ղրկուեցան Խորհրդային Հայաստան, յիսուներկու ուրիշներ հիւրընկալուեցան Հալէպի Կիլիկեանին կողմէ, իսկ նուագախումբի քառասուն տղաները, Գ. Նալպանտեանի եւ հայր Յովհաննէս Սիմէոնեանի ընկերակցութեամբ, գացին Եթովպիա:52 Արդարեւ, Եթովպիոյ գահաժառանգ իշխան Ռաս Թաֆարիի Երուսաղէմ այցին ատեն Արարատեանի նուագախումբը, որ անոր պատուին նուագած էր, տպաւորած էր իշխանը, որ Եղիշէ արք. Դուրեանին եւ Միութեան առաջարկեց իր երկիրին կողմէ յանձն առնել այս երեխաները եւ անոնց երկու ուսուցիչները:53 Անոնց Եթովպիա հասնելէն որոշ ժամանակ անց Միութիւնը տեղեկացաւ, սակայն, որ այս որբերը կը գտնուէին ցաւալի վիճակի մէջ, ... կարդալ աւելին

ՀԲԸՄ-ի Արարատեան որբանոցի փողերախումբը` դէպի Եթովպիա իր մեկնումի նախօրեակին` Եղիշէ արք. Դուրեանի հետ: Ս. Յակոբայ վանք, 13 Սեպտեմբեր 1924 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Եթովպիոյ արքայական նուագախումբ դարձած Արարատեան որբանոցի փողերախումբի անդամները` իրենց ղեկավար Գ. Նալպանտեանի հետ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Արարատեանի սան- Մարիամ Թորոսեանի (9 տարեկան Մարաշցի), ինքնութեան թուղթը` Լեւոն Ասատուրի ստորագրութեամբ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Արարատեանի սան- Դաւիթ Հայրիկեանի (9 տարեկան Սղերդցի) ինքնութեան թուղթը` Լեւոն Ասատուրի ստորագրութեամբ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Նոր Որբանոցները Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի Եւ Կիպրոսի Մէջ