ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 105

Կիպրոսի Մելգոնեան Վարժարանը` Միութեան Վստահուած Մեծ Գործը

Կիպրոսի մէջ Միութեան մէկ հաստատութիւնը հիմնելու ծրագիրը մարմին առաւ Զմիւռնիոյ հրդեհի վաղորդայնին: Այն ատեն Կեդրոնական Վարչութիւնը կը փնտռէր յարմար վայր մը` հոն փոխադրելու համար Երուսաղէմի սաները եւ Պէյրութի սաներուն մէկ մասը: Նախապատուութիւն ունեցող այլընտրանքներէն մէկն էր․ Կիպրոսի հայկական Մակարայ վանքին պատկանող հողերուն վրայ հաստատութիւն մը կառուցելու տարբերակը: Այս կալուածը, բաղկացած մշակելի հողերէ եւ վարձու շէնքերէ, ունէր նաեւ Նիկոսիայէն 15 քմ. հեռու գտնուելու առաւելութիւնը: Կիպրոսի առաջնորդ Սարաճեան Սրբազանն ալ իր հաւանութիւնը տուած էր ծրագիրի իրականացումին:60 1922-ի Նոյեմբերին Միութիւնը Կիպրոս ղրկեց Տիգրան Ասլանեանը` ուսումնասիրելու համար կարելիութիւնը գիւղատնտեսական դպրոց-որբանոցի մը հիմնադրման: 1923-ի Յունուարին Տ. Ասլանեանը Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուց իր տեղակագիրը, ուր կը պարզէր վայրի անպատեհութիւնները, յատկապէս կլիմայական ծայրայեղ պայմանները եւ վարձու շինութիւններու անբաւարար թիւը:61 ...

կարդալ աւելին

Մելգոնեան կրթօճախի մեկենաս Գրիգոր Մելգոնեան, եգիպտահայ արդիւնաբերող (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Մելգոնեան կրթօճախի մեկենաս Կարապետ Մելգոնեան, եգիպտահայ արդիւնաբերող (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Նոր Որբանոցները Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի Եւ Կիպրոսի Մէջ