1923-էն ետք ճակատագրական հարց մը դրուեցաւ Միութեան վարչականներուն առջեւ. իրենց սաներուն կարեւոր մէկ մասը, աղջիկներ եւ մանչեր, հասած էին չափահաս տարիքի եւ պէտք է ձգէին այն հաստատութիւնները, ուր մեծցած էին, բայց, ընկերային համարկումի վճռորոշ այս հանգրուանին, տակաւին պէտք ունէին ծնողներու դերը կատարող նեցուկի մը՝ ինքնավարութեան հասնելու, իրենց ապրուստը ապահովելու համար որբանոցէն դուրս իրենց առջեւ բացուող այս անծանօթ աշխարհին մէջ: Առանց մահացած ծնողները փոխարինելու յաւակնութիւնը ունենալու՝ Միութիւնը կը նկատէր, որ բարոյական պատասխանատուութիւն մը ունէր այս չափահաս դարձած որբերէն իւրաքանչիւրին հանդէպ, եւ որոշեց, ուրեմն, ի գործ դնել սաներուն ուղեկցելու քաղաքականութիւն մը, որպէսզի նուազ ցաւոտ դառնայ անոնց համարկումը ընկերութեան մէջ:
Արդարեւ, Միութիւնը քիչ մը ամէն տեղ դէմ յանդիման կը գտնուէր այս խնդիրին, եւ ոչ միայն իր հաստատութիւններէն շրջանաւարտ չափահասներուն պարագային. հազարաւոր առանձին երիտասարդներ, մանաւանդ անոնք, որոնք ՆԻՐ-ի Մերձաւոր Արեւելքի որբանոցները մնացած էին, իրենց բախտին կը ձգուէին առանց յատուկ վերաբերումի, որովհետեւ ամերիկեան կազմակերպութիւնը յետ-որբանոցային ...
Չափահաս Որբերու Ընկերային Համարկումը՝ Միութեան Գլխաւոր Պարտականութիւններէն Մէկը
Պէյրութի Քելէկեան-Սիսուան որբանոցի սան Երանուհի Գէորգեանի պսակը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Գահիրէի մէջ ՀԲԸՄ-ի հիմնած պարմանուհիներու ապաստանարանը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Պէյրութի Քելէկեան-Սիսուան որբանոցի սան-աշակերտուհիներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):