Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ մանկամարդուհիներու յատուկ ապաստարաններու հիմնում.- 1923-ին հազարապետ Տէյվիսընը՝ ՆԻՐ-ի Թրակիայի եւ Մակեդոնիայի նախկին պատասխանատուն, նշանակուեցաւ կազմակերպութեան Եգիպտոսի մասնաճիւղի տնօրէն: 1923-ի վերջաւորութեան ան կազմակերպեց քառասնեակ մը հայ որբուհիներու տեղափոխումը Եգիպտոս: 1924-ին Գահիրէի մէջ հիմնեց խառն ապաստանարան մը, որուն ղեկավարութիւնը վստահուեցաւ տէր եւ տիկին Խանիկեաններուն: Որբերը, մեծամասնութեամբ տասնվեցը բոլորած, հոն կը սորվէին արհեստներ,
որոնց շնորհիւ հաստատութենէն դուրս ելլելէ ետք ապրուստի միջոց մը կ՚ունենային: Նման ապաստանարան մը հիմնուեցաւ նաեւ Աղեքսանդրիոյ մէջ: 1930-ին ՆԻՐ-ի Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ հաստատութիւնները միասին հիւրընկալած էին շուրջ հազար երկու հարիւր որբ պատանիներ:67 1924-էն սկսեալ ՆԻՐ-ը այս ապաստանարանները եւ անոնց հինգ հարիւր որբուհիները յանձնեց Եգիպտոսի հայոց առաջնորդարանին: Ան իր կարգին 1928-ի Մայիսին Միութեան Եգիպտոսի Վարչութեան յանձնեց այս հաստատութիւններու վեց հարիւր պատանիները, երեք հարիւր քսանութը՝ Գահիրէէն եւ երկու հարիւր եօթանասունեօթը՝ Աղեքսանդրիայէն: Գահիրէի պարմանուհիները բաշխուեցան հետեւեալ կերպ՝ յիսուներկուքը հայ ընտանիքներու եւ վաթսունչորսը օտար ընտանիքներու մէջ ուր իբրեւ սպասուհի կ՚աշխատէին, ըստ հիւրընկալող ընտանիքներուն եւ Միութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրներու: Հարիւր քսաներեքը որդեգրուեցան հայ ընտանիքներու կողմէ, երեսունմէկը՝ օտար ընտանիքներու կողմէ, իսկ քսաներկու պարմանուհիներ դեռ կ՚ապրէին Միութեան վարած ապաստանարանին մէջ:68 Այս պայմաններուն մէջ, հայկական կազմակերպութիւնը որբուհիներուն համար երկու ապաստանարան հիմնեց, մէկը Գահիրէի՝ Շուպրա թաղամասին մէջ (Մայիս 1928) եւ միւսը Աղեքսանդրիա՝ Ռամլէ թաղամասին մէջ (Սեպտեմբեր 1929): ...
Գահիրէի մէջ ՀԲԸՄ-ի հիմնած պարմանուհիներու ապաստանարանը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Ազնիւ Գզիրեանը, Տէօրթ Եոլի Սիսուանի առաջին որբուհին, որ ամուսնացաւ որբ Յովսէփ Ուլուսեանին հետ, 13 Յուլիս 1921-ին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Չափահաս Որբերու Ընկերային Համարկումը՝ Միութեան Գլխաւոր Պարտականութիւններէն Մէկը