Վերջապէս Սեպտեմբեր 1924-ին ՆԻՐ-ին կողմէ լքուած երիտասարդներուն համար ապաստանարան մը ստեղծուեցաւ Միութեան կողմէ Հալէպի Կիլիկեանին մէջ: Հարիւրեակ մը մանկամարդուհիներ ալ տեղաւորուեցան վարձու տան մը մէջ, մինչ կը փակուէր կանանց նախկին ապաստանարանը, որ աննպատակ դարձած էր:
*Կարգադրուած ամուսնութիւններ.- Այս ձեւը յաճախ օգտագործուեցաւ Միութեան Հալէպի, Պէյրութի եւ Երուսաղէմի վարչութիւններուն կողմէ, որոնք յանձն առած էին լքուած պարմանուհիները՝ անոնց ապագայ մը ապահովելու համար: Միութեան տեղի պատասխանատուները իսկական ծնողներու դերը կը խաղային եւ եռանդով կը քաջալերէին անոնց ամուսնութիւնը հայրենակիցներու հետ: Այսպիսով իւրաքանչիւրը զգացումը ունէր ազգի գոյատեւման մասնակցած ըլլալու եւ միաժամանակ ապահովելու որբերու ընկերային համարկումը: Սակայն, Միութիւնը, շատ պահանջկոտ էր թեկնածուներուն նկատմամբ, որոնք ընդհանրապէս անծանօթ կը մնային որբուհիներուն, որովհետեւ կ՚ապրէին Եգիպտոս, Երուսաղէմ եւ ԱՄՆ, երբեմն նոյնիսկ Արժանթին: Միութիւնը ճշգրիտ տեղեկութիւններ կը պահանջէր անոնց նիւթական վիճակին, նկարագիրին եւ առողջութեան մասին: Այնուհետեւ թղթածրարները՝ աղջկան եւ իր թեկնածուին, կը ղրկուէին Գահիրէ՝ Միութեան Գործադիր Վարչութեան, որ կ՚որոշէր ծրագրուած ամուսնութեան ճակատագիրը: Սովորական տեղեկութիւններուն կողքին՝ անուն, մականուն, ծննդեան թուական եւ վայր, ...
ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի որբանոցի սանուհիներու պսակներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Չափահաս Որբերու Ընկերային Համարկումը՝ Միութեան Գլխաւոր Պարտականութիւններէն Մէկը