Կիլիկիահայութեան պարպումը, բնական է, անհետեւանք չեղաւ որբերուն համար, որոնք իրենց հերթին փոխադրուեցան տարբեր հիւրընկալ շրջաններ: Առանց իսկապէս անակնկալի գալու, այս երեխաներու պատասխանատուութիւնը ստանձնող կազմակերպութիւնները գտնուեցան կազմակերպչական հսկայ խնդիրի մը առջեւ: Պէտք էր ամենակարճ ժամանակի մէջ իրենց պատանի պաշտպանեալներուն համար գտնել հիւրընկալ երկիրներ եւ բնակարաններ:
Լիբանանի Որբանոցները
Այս պայմաններուն մէջ է որ Միութիւնը իր Կիլիկիոյ, Մերսինի եւ Տէօրթ Եոլի երեխաները տեղափոխեց դէպի Սուրիա եւ Լիբանան: Կազմակերպութեան պատասխանատուները ջանք չէին խնայած, որպէսզի երեխաներու տեղաւորումը կատարուի լաւագոյն պայմաններու մէջ: 1921-ի վերջաւորութեան Գահիրէի Կեդրոնը պատուրիակ մը ղրկեց` Ճանիկ Չաքըրը, որպէսզի զբաղի, Միութեան Տեղական Մասնաճիւղի անդամներուն հետ, որբերու տեղաւորումով: ...
Միութեան Նոր Որբանոցները Լիբանանի, Սուրիոյ, Պաղեստինի Եւ Կիպրոսի Մէջ
Ճանիկ Չաքըր. Գահիրէի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Միութեան պատուիրակ Պէյրութի մէջ, 1921-ին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Լեւոն Ասատուր. Գահիրէի Գործադիր Վարչութեան անդամ, Միութեան պատուիրակ Պէյրութի մէջ, 1921-ին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):