Այնթապցի եւ քիլիսցի գաղթականներու առաջին կարաւանները հասան Սուրիոյ հիւսիսային սահմանը 1922-ի ամառուընէ սկսեալ: Կը կարծուի, որ 1923-ի Յունուարին այս երկու քաղաքներու գրեթէ բոլոր հայերը Հալէպ հասած էին:15 Գալով Մարաշին՝ գաղթականներու հոսքը դէպի Հալէպ սկսաւ իսկապէս Նոյեմբեր 1922-ին եւ անընդհատ շարունակուեցաւ մինչեւ 1923-ի Մարտը:16 1922-ի վերջաւորութեան գաղթականներու այլ ալիք մը հասաւ Տիգրանակերտէն, Խարբերդէն եւ Մալաթիայէն. հոսքը շարունակուեցաւ 1924-ի ամբողջ ընթացքին եւ ներգրաւեց Ուրֆա, Կարմուճ եւ Մարտին մնացած հայերը: Գաղթի այս նոր ալիքը շուրջ վեց հազար հինգ հարիւր նոր գաղթականներ բերաւ Հալէպ, որ նորէն, 1923-ի սկիզբէն ի վեր, վերածուած էր քեմալական Թուրքիայէն արտաքսուած հայ գաղթականներու տարանցիկ կեդրոնի: Շուրջ քառասուն հազար գաղթականներ հաստատուած էին քաղաքի մը մէջ, ուր արդէն կային բնիկ տասնհինգ հազար հայեր:17 Նոր եկողները զուրկ էին նիւթական ամէն հնարաւորութենէ եւ Հալէպ կը հասնէին ծայր աստիճան չքաւորութեան մէջ: Շուտով հոգատար իշխանութիւնները գաղթականներու տեղափոխման գործողութիւններու ձեռնարկեցին, որպէսզի քաղաքը չգերխճողուի այս նորեկներով: Հազարաւոր ընտանիքներ փոխադրուեցան Լիբանան, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի, Հոմսի եւ Համայի շրջանները:18 Այս գաղթականներու զանգուածային ժամանումով ստեղծուած կարիքներուն հասնելու համար, օգնութեան լայնածաւալ արշաւ մը կազմակերպուեցաւ Հալէպի մէջ: Ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ բազմաթիւ խաներ վարձուեցան գաղթականները բնակեցնելու համար, 11 խաներ տրամադրեց ՀԱՄ-ը՝ այսպիսով առիթ տալով հիւրընկալելու մի քանի հազար գաղթականներ:19 ...
Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Գաղթականներու Մէկտեղումի Կայանները
Կօշիկ ներկող հայ պատանիներ Պէյրութի մէջ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Պէյրութի մէջ շինարարական գործ ընող հայ պատանի բանուորներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):