ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 96

հայերու Կիլիկիայէն մեկնումը, 1921-ի վերջաւորութեան, առհասարակ նաւով եղաւ՝ Մերսինէն դէպի մօտիկ տեղեր, որոնց ընտրութեան միակ չափանիշը թրքական հսկողութենէ դուրս ըլլալն էր: Դեկտեմբերի վերջաւորութեան տասնհինգ հազար հինգ հարիւր կիլիկեցի գաղթականներ ոտք դրին Պէյրութ:3 Գրեթէ միաժամանակ շուրջ տասնչհորս հազար Տէօրթ Եոլ հաւաքուած հայեր մեկնեցան դէպի Ալեքսանտրէթ: Ուրիշներ, թէեւ աւելի փոքր թիւով, հաստատուեցան լիբանանեան ծովափնեայ քաղաքներուն մէջ: Երկու հազար

հասան Թրիփոլի. անոնց մեծամասնութիւնը հոգատար

իշխանութիւններուն կողմէ տեղաւորուեցաւ Ալ-Մինա թաղամասի հին տուներուն մէջ՝ ծովու ափին, միւսները ցրուեցան շրջակայ վայրեր՝ Հալպա, Զղարթա, Շէքքա, Էնֆէ:4 Գաղթականներու համազօր թիւ մըն ալ հաստատուեցաւ Սուր եւ Սայտա:5 Վերջապէս, շուրջ հազար հոգի հասաւ Լաթաքիա:

Սուրիան եւ Լիբանանը կիլիկիահայերու ընտրած միակ նպատակավայրերը չէին: Ութ հազար անձեր գացին Կիպրոս. բայց ասոնք բոլորը բարեկեցիկ ընտանիքներու կը պատկանէին, հետեւաբար՝ ինքնաբաւ էին եւ բրիտանական իշխանութեան վրայ բեռ պիտի չըլլային: Վերջիններս, արդարեւ, կիլիկեցի գաղթականներու դիմաց փակած էին կիպրական նաւահանգիստները եւ արգիլած էին, Նոյեմբեր 1921-էն ետք առհասարակ, այս նաւերու մուտքը արեւելեան Միջերկրականի բոլոր այն նաւահանգիստները, զորս իրենք կը վերահսկէին, ինչպէս Աղեքսանդրիան, Փորթ Սայիտը, Հայֆան, Եաֆան կամ Լառնաքան:

Այս երեւոյթը կը բացատրէ նաւերու զանգուածային ժամանումը Պէյրութ՝ շրջանի միակ կարեւոր նաւահանգիստը, որ առանց պայմանի բաց էր գաղթականներուն առջեւ: Մի քանի հազար գաղթականներ, միւս կողմէ, գացին հեռաւոր ափեր, ինչպէս Իզմիր, Թրակիա եւ Պոլիս, որ դեռ քեմալականներու ձեռքը չէր անցած:6 ...

կարդալ աւելին

Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Գաղթականներու Մէկտեղումի Կայանները

Պէյրութ ապաստանած գաղթական պարմանուհի (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Հայ գաղթականներու Պէյրութի Քարանթինայի գաղթակայանը (լուսանկարը հաւանաբար Փ. Փուատըպարին գործն է) (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):