Լոզանի դաշնագիրի պատճառած պատրանաթափութենէն ետք, աքսորեալ հայ պատասխանատուներուն քով միաձայնութիւն կար հայ գաղթականները Խորհրդային Հայաստանի մէջ համախմբելու գաղափարին շուրջ: Նոյնիսկ Իրաքի Պաքուպա գաղթակայանի հայ բնակիչներուն մեծամասնութիւնը գացած էր Հայաստան հաստատուելու: Այս նախադէպը քաջալերեց հայ պատասխանատուները՝ նման գործողութիւններ կազմակերպելու Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի գաղթականներուն համար: Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը եւ Միութիւնը պատուիրակներ ղրկեցին Երեւան՝ ուսումնասիրելու համար բնակչութեան զանգուածային տեղափոխման հնարաւորութիւնները: Այս ամէնը կը ցուցնէ, որ 1920-ականներու առաջին կէսի ընթացքին, հայ գաղթականներու Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը դեռ անորոշ բնոյթ ունէր եւ թէ ոչ մէկ երաշխիք կար, որ անոնք պիտի կարենային հոն վերջնականօրէն հաստատուիլ: Այս ընդհանուր պայմաններուն մէջ է որ կատարուեցան նոր գաղթականներուն ի նպաստ առաջին մարդասիրական աշխատանքները: Ֆրանսական Բարձր քոմիսէրութեան ծառայութիւններուն հետ գործակցաբար՝ բարեսիրական կազմակերպութիւնները, նկատի ունեցան երկու առաջնահերթ ծրագիրներ՝ գաղթակայաններու կենցաղային պայմաններու բարելաւումը եւ ազգի յոյսին մնացած հազարաւոր որբերուն համար որբանոցներու ստեղծումը: Միութիւնը վճռական գործի լծուեցաւ այս ոլորտին մէջ: Լաւ կազմակերպուած տեղական վարչութիւններու գոյութիւնը ...
Պէյրութի Քարանթինա գաղթակայանին մօտիկ գտնուող նկուղներու մէջ հաստատուած հայ գաղթականներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Պէյրութի մօտակայ քարայրներուն մէջ ապրող երեխաներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Պէյրութը` վերէն դիտուած (լուսանկարը հաւանաբար Փ. Փուատըպարին գործն է) (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Կիլիկեան Գաղթը. Միութիւնը Նոր մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի Եւ Կիպրոսի Մէջ