1921-ի վերջաւորութեան տասնեակ հազարաւոր հայերու գաղթը Կիլիկիայէն եւ, թուրք ազգայնականներէն յունական զօրքի պարտութեան հետեւանքով՝ Իզմիրէն եւ մերձակայ տարածքներէն տասնեակ հազարաւոր ուրիշներու փախուստը դէպի Յունաստան եւ յունական կղզիներ 1922-ի աշնան, հայերուն համար ստեղծեցին մարդկային նոր աղէտ մը: Գաղթի այս նոր ալիքը կտրուկ արգելակեց զինադադարին յաջորդող վերակառուցման շարժումին թափը: Աքսորեալներու մեծ մասը պիտի վերադառնար գաղթակայանի մռայլ եւ ծանր կեանքին՝ կարծես շարունակութիւնը 1915-էն ի վեր կրուած տառապանքներուն եւ բռնութիւններուն:
1921-ի վերջաւորութեան տասնեակ հազարաւոր հայեր նաւ նստան Մերսին եւ հասան Լիբանանի ափերը: Գրեթէ նոյն ժամանակ Տէօրթ Եոլ կեդրոնացած հայերը ստիպուած եղան հեռանալու թուրքերուն զիջուած շրջանէն եւ հազարներով հաստատուելու ամենամօտիկ շրջանը՝ Ալեքսանտրէթ (Իսքենտերուն), որ ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Սուրիոյ մաս կը կազմէր:
Այս բոլոր գաղթականներուն համար անորոշութեան եւ անձկութեան ժամանակաշրջան մը կը սկսէր նորէն: Կիլիկիոյ զիջումը Թուրքիոյ, զիրենք զրկած էր այն տարածքէն, ուր կը յուսային հաստատուիլ հաւաքաբար եւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք կեանք վերակերտել: Ֆրանսական նահանջը Կիլիկիայէն եւ թրքական վարչակարգի մը հաստատումը հոն համազօր էին պարզապէս իրենց հին դահիճները երկրի տէր դարձնելուն: Հակառակ մեկնելէ տարհամոզելու Ֆրանսայի բոլոր ճիգերուն, բոլորն ալ նախընտրեցին երթալ՝ իրենց ետին ձգելով բոլոր այն ինչքերը, որոնց կրցած էին վերատիրանալ: Հարց էր սակայն գիտնալը թէ բոլոր այս անհայրենիք գաղթականները ի՞նչ պիտի ընէին: Այս հարցադրումին պատասխանը շուտ չգտնուեցաւ. տարիներ պէտք եղան ապագայ մը կերտելու համար այս տեղահանուած եւ լքուած հայերուն: ...
Կիլիկեան Գաղթը. Միութիւնը Նոր մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի Եւ Կիպրոսի Մէջ
Գաղթական կիլիկեցի հայեր, որոնք Պէյրութի մօտակայ քարայրներուն մէջ կ’ապրէին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Հայ գաղթականներ, որոնք իրենց գոյութիւնը կը պահպանէին փայտ եւ թուղթ հաւաքելով (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):