ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 93

Բայց Միութեան հոլովոյթը չի սահմանափակուիր իր Կեդրոնի Փարիզ փոխադրումով: 22 Դեկտեմբեր 1923-ի արտակարգ ընդհանուր ժողովը կ՚որոշէ ՀԲԸՄ-ը վերածել իրաւական անհատականութիւն ունեցող միութեան մը: Այդ օրը սակայն մեծամասնութիւն գոյացած չըլլալով՝ 22 Մարտ 1924-ի արտահերթ ընդհանուր ժողովն է որ կը վաւերացնէ այս որոշումը: Այն ատեն Պօղոս Նուպարը կը բացատրէ, որ նախկին կանոնագիրը շատ կը բարդացնէր Միութեան աշխատանքը, եւ որ մինչ այդ չունեցած իրաւական անհատականութիւնը, Միութեան հնարաւորութիւն պիտի տայ, անհրաժեշտութեան պարագային, դատարանի մէջ իր շահերը պաշտպանելու: Իրողութիւն է որ առաջ նոյնիսկ Միութեան անշարժ գոյքը պէտք է նախագահի անունին արձանագրուէր եւ թէ անհնար էր Միութեան անունով դատարան դիմել: Իսկ Օսմանեան կայսրութեան հայերու Ցեղասպանութենէն ետք անհամար իրաւաբանական խնդիրներ ծագած էին, յատկապէս փոքր կամ մեծ նուիրատուներու ժառանգական հարցերուն կապուած: Ուրեմն անհրաժեշտ էր Միութիւնը իրաւական անհատականութեամբ օժտելը: «Գրիգոր Սինապեանի խորհուրդներէն օգտուելով»,- կ՚ըսէ Պ. Նուպարը,-«մենք փնտռեցինք այն երկիրը, ...

կարդալ աւելին

Արամ Ճեւահիրճեան. ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ 1921-ի Մայիսին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Տիրան Փիլիպպոսեան. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ 1921-ի Մայիսին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ժողով Փարիզի մէջ 1921-ին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի Վարչութեան անդամները (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Կեդրոնի Նստավայրի Փոխադրումը Փարիզ 1921-ի Մայիսին Եւ Անոր Վերածումը Զուիցերիական Իրաւական Միութեան Յունիս 1924-ին