ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 92

1919-1921 տարիներուն, Գահիրէի Կեդրոնը, արդէն տեսանք, ապահովեց Միութեան գործունէութեան էական մասը գաղթականներուն հետ, մինչ Պօղոսը կը մասնակցէր, իբրեւ Հայկական Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ, Խաղաղութեան վեհաժողովի նիստերուն Լոնտոնի, Սփայի եւ Սան Ռեմոյի մէջ, եւ Աւետիս Ահարոնեանի՝ Հայասանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին հետ, Սեւռի դաշնագիրը ստորագրողներէն էր: Բազում տարիներու ճգնաժամ աշխատանքէ ետք, ան 1921-ի Յունիսին որոշեց հրաժարիլ, բայց գործերու ղեկավարումը յանձնեց Գաբրիէլ Նորատունկեանին՝ Միութեան նոր փոխ-նախագահին, որ Օսմանեան կայսրութեան նախկին արտաքին գործոց նախարարն էր: Պատերազմի պատճառած վերիվայրումները, հայ աղէտեալներու սփռումը աշխարհի վրայ, Հայաստանի խորհրդայնացումը եւ շատ այլ տուեալները տեղափոխեցին հայոց աշխարհի ծանրութեան կեդրոնը: Մինչ այդ Միութեան ղեկավարութիւնը՝ Գահիրէ կեդրոնով, վարած էր հայ գաղթականներու օգնութեան աշխատանքները, յատկապէս Կիլիկիոյ մէջ, Պօղոս Նուպարի հետ սերտ գործակցութեամբ: Բայց նկատուեցաւ այն ատեն, որ հարցերը Եւրոպայի մէջ կը լուծուին եւ թէ Պօղոս Նուպարի՝ սկիզբը ժամանակաւոր համարուող ներկայութիւնը Փարիզ, մշտական դարձած է: Հայոց աշխարհը, կամ ինչ որ մնացած է անկէ, ամբողջական վերակազմակերպումի մէջ է: ...

կարդալ աւելին

Միութեան Կեդրոնի Նստավայրի Փոխադրումը Փարիզ 1921-ի Մայիսին Եւ Անոր Վերածումը Զուիցերիական Իրաւական Միութեան Յունիս 1924-ին