ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 84

Մարաշի մէջ, օրինակ, չորս հարիւր յիսուն մանկամարդուհիներ եւ կիներ քաղաքի իսլամներուն կողմէ կալանուած կը մնային,58 որովհետեւ բրիտանացիները ամէն բանէ առաջ կ՚ուզէին իրենց տնօրինած տարածքներուն մէջ ընկերային ապահովութիւնը պահպանել՝ նուրբ վարուելով յատկապէս քիւրտ խիտ բնակչութեան հետ: Գնդապետ Պրեմոնի ղեկավարութեամբ, ֆրանսական վարչութեան Կիլիկիոյ մէջ կիրառած քաղաքակութիւնը էապէս տարբեր էին: Ան կը նախատեսէր այս տարածաշրջանին վերաբերող ֆրանսական գործունէութեան մէջ քրիստոնեաներուն, եւ յատկապէս հայերուն, կարեւոր դերակատարութիւն տալ: 1919-ի Նոյեմբերին, երբ ֆրանսական զօրքերը փոխարինեցին բրիտանացիները արեւելեան տարածքներուն մէջ, Մարաշի հայերը գոհունակութեամբ ողջունեցին այս փոփոխութիւնը եւ նոր դիմումներ ներկայացուցին՝ պատերազմի ընթացքին իրենց թալանուած ինչքի հատուցման համար: Բրիտանացիները այս խնդիրը արծարծել անգամ չէին ուզեր: Այլ խօսքով՝ հայերէն Ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց խլած հայկական ունեցուածքը պահել յուսալէ ետք, իսլամները սկսան մտահոգուիլ ֆրանսացիներու ժամանումով ստեղծուած նոր կացութեամբ: Հայերու ինչքի հատուցման, ինչպէս նաեւ տեղի երեւելիներուն, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էին անզէն բնակչութեան դէմ գործուած պատերազմի ոճիրներուն մէջ, դատապարտման հաւանականութիւնը մղեցին այս քաղաքներու բնակիչներէն շատերը՝ միանալու Մուսթաֆա Քեմալի թուրք ազգային շարժումին:

Ընկերային եւ քաղաքական ծայրայեղ լարուածութեան այս պայմաններուն մէջ է որ 21 Յունուար 1920-ին Մարաշ քաղաքին մէջ պայթեցաւ թրքական ապստամբութիւնը, որուն զօրավիգ էին...

կարդալ աւելին

Ինչպէս արդէն տեսանք, Արեւելեան տարածքները՝ ներառեալ Մարաշը, Ուրֆան եւ Այնթապը, մինչեւ 1919-ի Նոյեմբերը մնացին բրիտանական վերահսկողութեան տակ, մինչ կիլիկեան միւս վայրերը ֆրանսական վարչութեան ենթակայ էր: Այս շրջանին բրիտանացիները յատուկ ճիգ թափեցին, որ քաղաքացիական վարչութիւնը եւ ոստիկանութիւնը մնան Պոլսոյ հսկողութեան տակ եւ յաճախ անկարելի եղաւ իսլամ ընտանիքներու քով պահուած հայ երեխաներն ու մանկամարդուհիները ետ առնելը:

Ֆրանսական «Նոր» Քաղաքականութիւնը. Կիլիկիոյ Պարպումը, Որբերու Տեղափոխումը

Եւ Հայոց Գաղթը

Զապէլ Եսայեան, Կիլիկիոյ որբանոցներու քննիչ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):