ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 85

որոնց նպատական էր զօրացնել տարածաշրջանին մէջ ֆրանսական բարեգործական հաստատութիւնները՝ բանակի եւ վարչութեան հեռացման հեռանկարով: Մանաւանդ որ ֆրանսացիները չէին փափաքեր որ Կիլիկիայէն իրենց հաւանական հեռացումի պարագային ստեղծուած բացը լրացուի ամերիկեան առաքելութիւններով, որոնք արդէն բարգաւաճ էին շրջանին մէջ:69 Այսպիսով հայկական որբանոցները կը յայտնուէին մեծ պետութիւններու ազդեցութեան պայքարի կիզակէտին: ...

կարդալ աւելին

Բոլոր այս պատճառներով, ֆրանսացի պատասխանատուները որոշեցին, ցնոր տնօրինութիւն, Կիլիկիոյ մէջ պահպանել այն հաստատութիւնները, ուր պատսպարուած էին հազարաւոր հայ երեխաներ: Այնպէս կ՚երեւի, որ խորապէս ֆրանսասէր Զապէլ Եսայեանը որբանոցներու հարցին մէջ ճիշդ չէ գնահատած ֆրանսացիներու դիրքորոշման քաղաքական նպատակները: Ան նոյնիսկ համոզուած էր, որ հայկական կազմակերպութիւններն էին որ արգելք եղած էին Կիլիկիոյ հայ որբերուն փոխադրութեան: 1 Յունիս 1920-ին, Պօղոս Նուպարին ուղղուած նամակի մը մէջ ան կ՚արտայայտէ իր զայրոյթը եւ պատասխանատու կը համարէ Հայկական Ազգային Պատուիրակութիւնը. «[...] Եթէ, արտասովոր պատճառներով, Պատուիրակութիւնը անհրաժեշտ գտնէ թրքական հողի վրայ Կիլիկիոյ հայկական որբանոցներու պահպանումը, հարկ կը համարեմ տեղեակ պահել Ձերդ գերազանցութիւնը, որ ինծի համար անկարելի կը դառնայ շարունակել այն առաքելութիւնը, որ Դուք վստահեցաք ինծի, որովհետեւ ինծի համար անկարելի կ՚ըլլայ նոյնիսկ զուտ քաղաքավարական յարաբերութիւններ ունենալ թուրք պետական պաշտօնեաներու հետ: Հաւանօրէն նպատակայարմար կ՚ըլլայ զիս փոխարինել անձով մը, որ ունենայ նման կացութիւն հանդուրժելու անհրաժեշտ յատկութիւնները»:68

Զապէլ Եսայեանը հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն Կիլիկիոյ մէջ Յունիս 1920-ին առանց կարծիքը փոխելու, բայց Ատանայի որբանոցի տնօրէնութիւնը Որբախնամէն ֆրանսական վարչութեան փոխանցել տալէ ետք: Այսպիսով ան արձագանգած եղաւ ֆրանսական ակնկալութիւններուն,

Նոյեմբեր 1921. հայերու գաղթը. Ատանայի կայարան (Փօլ տիւ Վէու, «La Passion de la Cilicie», 1919-1922, Փարիզ, 1954):

Ֆրանսական «Նոր» Քաղաքականութիւնը. Կիլիկիոյ Պարպումը, Որբերու Տեղափոխումը

Եւ Հայոց Գաղթը