ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 83

Ուրֆայի ամենամեծ որբանոցը կը ղեկավարուէր ՆԻՐ-ի կողմէ, որուն տեղւոյն պատուիրակը օրիորդ Քարոլին Հոլմզն էր: Այս որբանոցը կը հաշուէր աւելի քան հազար որբեր, որոնց թուին՝ քաղաքի նախկին գերմանական որբանոցի սաները: Անոնք, կ՚ապրէին վրաններու տակ, Պլունթի՝ քաղաքի հիւսիսը գտնուող բլուրի մը վրայ, սպասելով որ աւարտուի նոր եւ ամուր կառոյցի մը շինութիւնը: Որբանոցը եւ անոր դպրոցը կը ղեկավարուէին օրիորդ Մէյրի Հոլմզի կողմէ: Քափիւսէն հայրերը նոյնպէս որբանոց մը կը պահէին՝ աւելի համեստ, բայց աւելի լաւ կազմակերպուած՝ հարիւր երեսուն եօթ երեխաներով, ուր որբերը կօշիկներ եւ գուլպաներ կը պատրաստէին:49 Ուրֆայինին նման կացութիւն մը կար նաեւ Այնթապի մէջ: Պատերազմէն առաջ քաղաքի հայ բնակչութիւնը երեսունվեց հազար անձէ կը բաղկանար. հիմա շուրջ տասնվեց հազար մարդ կար հոն, որուն առ նուազն երկու հազարը՝ ուրիշ շրջաններէ, յատկապէս Սեբաստիայէն եւ Խարբերդէն:50 Քաղաքին մէջ առնուազն երկու հազար որբեր կային:

Ինչպէս Ուրֆայի մէջ, այնպէս ալ հոս, հայերը, առհասարակ, չէին յաջողած իրենց ինչքերուն վերատիրանալ՝ հակառակ գրաւող դաշնակից ուժերու ներկայութեան քաղաքին մէջ: ...

կարդալ աւելին

Այնթապի մէջ գտնուած սեբաստացի վերապրողներ, Միութեան պատուիրակ Դ. Ադամեանի հետ, 1919-ի սկիզբը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Այնթապի մէջ եկեղեցապատկան վայրեր հաստատուած վերապրողներ, 1919-ի սկիզբը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Թուրքերու քովէն գտնուած եւ Այնթապի Նիր Իսթ Ռիլիֆին յանձնուած այրիներ եւ երիտասարդուհիներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Այնթապի մէջ գտնուած խարբերդցի վերապրող աղջիկներ, Միութեան կողմէ խնամուող, 1919-ի սկիզբը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Համայնապատկեր նախապատերազմեան Այնթապի (Մ. Փապուճեանի հաւաքածոյ):

Մարդասիրական Գործունէութիւնը Կիլիկիոյ Մէջ՝ Մրցակցութեան

Եւ Գործակցութեան Միջեւ