ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 82

Հայկական կազմակերպութիւններէն զատ, ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական բարեսիրական կազմակերպութիւններ նոյնպէս յանձնառու եղած էին Կիլիկիա եւ աւելի արեւելք հիւրընկալուած որբերու օգնութեան ծրագիրներու: Այսպէս, անոնք գործունեայ էին յատկապէս Մարաշի, Այնթապի եւ Ուրֆայի մէջ: Զինադադարէն ետք, պարտուած պետութիւններու քաղաքացիներու կողմէ ղեկավարուող բոլոր մարդասիրական առաքելութիւններուն արգիլուած ըլլալով գործել Օսմանեան կայսրութեան տարածքին` գերմանացի բողոքական բազմաթիւ միսիոնարներ ստիպուած եղան հեռանալու Կիլիկիայէն եւ փոխարինուեցան յատկապէս ամերիկացիներով: Կիլիկիոյ եւ արեւելեան տարածքներուն մէջ գործող արեւմտեան կազմակերպութիւններուն մէջ, պէտք է յատկապէս ընդգծել Նիր Իսթ Ռիլիֆի դերը. 1919-էն ետք ան դարձաւ նախկին օսմանեան տարածքին մէջ գործող ամենամեծ մարդասիրական կազմակերպութիւնը: Ան կազմուած էր 1915-ի Սեպտեմերին Իրանի եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող ամերիկեան կրթական, կրօնական եւ մարդասիրական գլխաւոր միութիւններու համաձուլումով:41 Այս միաւորումէն ծնաւ Ամերիքըն քոմիթի ֆոր Նիր Իսթ Ռիլիֆը, որ 1919-ին վերակոչուեցաւ Նիր Իսթ Ռիլիֆ:42 Զինադադարէն ետք, սակայն, ամերիկեան Կարմիր Խաչն է որ ուշագրաւ դարձաւ Օսմանեան ...

կարդալ աւելին

Մարդասիրական Գործունէութիւնը Կիլիկիոյ Մէջ՝ Մրցակցութեան

Եւ Գործակցութեան Միջեւ