Հայերու Կիլիկիա հայրենադարձի յաջողութիւնը արտակարգ մարտահրաւէր մըն էր եւ հայկական ու միջազգային բազմաթիւ մարդասիրական կազմակերպութիւններ եռանդով ընդառաջեցին անոր: Պէտք չէ մոռնալ, սակայն, որ այս գործունէութիւնը կապուած էր խոշոր գումարներու հետ, որոնք ախորժակներ կը գրգռէին: Հայկական Ազգային Միութեան պէս նոր կազմակերպութիւն մը՝ Ատանա նստավայրով, որ իր շարքերուն մէջ կը համախմբէր հայկական բոլոր կրօնական դաւանանքներէն եւ քաղաքական ու մարդասիրական կազմակերպութիւններէն ներկայացուցիչներ, ներկայ էր Կիլիկիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ: Անոր տեղական մասնաճիւղերը՝ յաճախ անկազմակերպ եւ այլատարր, ինչպէս դիտել կու տայ Զապէլ Եսայեանը, կը ղեկավարուէին անձեռնհաս, թերուս եւ Ատանայի ղեկավարութեան կողմէ կամայականօրէն նշանակուած մարդոց կողմէ, որոնց կապերը թոյլ էին Ատանայի կեդրոնին հետ:36 Այս միաւորներու ստեղծումը քաջալերուած էր արդէն դաշնակից ուժերուն կողմէ, ֆրանսացիներուն՝ Կիլիկիոյ մէջ եւ բրիտանացիներուն՝ Սուրիոյ: Անոնք պէտք ունէին ներկայացուցչական խօսակիցներու` հայ հասարակութեան զանազան տարրերը ներկայացնող: Զինադադարի վաղորդայնին, զօրավար Ալլենպին՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ դաշնակից զօրքերու ընդհանուր հրամանատարը եւ Ժորժ Փիքօն՝ շրջանի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը, միասնաբար քաջալերեցին ՀԱՄ-ի մասնաճիւղերու ստեղծումը դաշնակիցներու կողմէ գրաւուած բոլոր այն շրջաններուն մէջ, ուր հայ բնակչութիւն կար: Կիլիկիոյ մէջ ՀԱՄ-ը եւ Փարիզի Հայկական Ազգային Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Միհրան Տամատեանը պարզապէս հայկական շահերու անպաշտօն ներկայացուցիչներն էին ֆրանսական վարչութեան քով: ...
Մարդասիրական Գործունէութիւնը Կիլիկիոյ Մէջ՝ Մրցակցութեան
Եւ Գործակցութեան Միջեւ
1909-ին հիմնուած «Էնվեր փաշա» որբանոցը, զոր 1919-էն ետք Որբախնամը ղեկավարեց (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Ուրֆայի համայնապատկերը ( Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ):