Միութիւնը Կիլիկիոյ մէջ հիմնեց նաեւ երկու դարմանատուն-հիւանդանոց, մէկը Մերսինի, միւսը՝ Տէօրթ Եոլի մէջ. անոնք կոչուած էին բարելաւելու աքսորի ճամբուն վրայ խաթարուած առողջութիւնը տեղւոյն բնակչութեան: Մերսինի բժշկական հաստատութիւնը կը գտնուէր երկյարկանի շէնքի մը մէջ, եկեղեցիին կից: Անոր բացումը տեղի ունեցաւ 1919 ի Մայիսին: Ան oժտուած էր տասնութ մահճակալներով, դարմանատունով եւ դեղարանով:30 Տէօրթ Եոլի հիւանդանոցը նոյնպէս դեղարան եւ դարմանատուն ունէր եւ իր դռները բացաւ 1919-ի Յուլիսին:31 Միութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած մէկ այլ կարեւոր իրագործում էր Ատանայի գորգագործութեան արհեստանոցը: Ան հիմնուած էր 1919-ի Ապրիլին եւ մօտ հարիւրեակ մը բանուորուհիներու գործ կը հայթայթէր:32 Միութեան նախաձեռնութիւնն էր նաեւ գուլպաներու եւ ներքնաշապիկներու պատրաստութեան միաւորը, ուր տասնհինգ երիտասարդուհիներ կ՚աշխատէին:33 1920-ի Մարտէն սկսեալ Միութիւնը յանձն առաւ նաեւ գորգի մեծ արհեստանոցին վարչարարութիւնը. մինչ այդ ան կը ղեկավարուէր նախ Լորտ Մայորի օգնութեան հիմնադրամին, ...
Ֆրանսացի սպայ մը կ’այցելէ ՀԲԸՄ-ի Մերսինի դարմանատունը, 22 Յունիս 1919 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
ՀԲԸՄ-ի Ատանայի գորգագործութեան արհեստանոցը (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
ՀԲԸՄ-ի Ատանայի ապաստանարանի գուլպաներու արտադրամասը. 1919 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութեան Վերադարձը Կիլիկիա. Յոյսեր Եւ Յուսախաբութիւններ