ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 79

Օգնութիւն՝ Հայրենադարձներուն Եւ Գիւղացիներուն

Միութեան տեսակէտէն, Կիլիկիոյ հայերով վերաբնակեցման քաղաքականութեան յաջողութեան համար անհրաժեշտ էր հայրենադարձներու համարկումը տեղւոյն տնտեսական եւ ընկերային կեանքին: Սակայն Կիլիկիա վերադարձած հայերու մեծամասնութիւնը կարիքաւոր էր: Ցեղասպանութեան ընթացքին իր բոլոր ինչքերէն զրկուած` ան ժամանակաւոր աջակցութեան պէտք ունէր դարձեալ ինքնաբաւ դառնալու համար: Միութիւնը, հետեւաբար, աշխատեցաւ կարիքաւորներուն օգնել գործնական ձեւով: Այն գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ, ուր Միութիւնը վերակազմակերպած էր իր վարչութիւնները, Հալէպի եւ Գահիրէի հանդերձարաններէն ղրկուած հագուստի ծանրոցներ կանոնաւոր կերպով կը բաժնուէին բնակչութեան: Միութեան տեղական մասնաճիւղերն ալ փոխատուութեամբ գումար կը տրամադրէին ընտանիքներուն՝ դիւրացնելու համար տնտեսական գործունէութեան վերսկսումը կամ յաղթահարելու` ժամանակաւոր դժուարութիւնները: ...

կարդալ աւելին

Զէյթունի համայնապատկերը պատերազմէն առաջ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Մարաշի համայնապատկերը պատերազմէն առաջ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Տէօրթ Եոլի դարմանատունը 1919-ի Դեկտեմբերին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Վերադարձը Կիլիկիա. Յոյսեր Եւ Յուսախաբութիւններ