Հաճընը այն քաղաքներէն մէկն էր, որոնց հանդէպ Միութիւնը ցուցաբերեց յատուկ ուշադրութիւն: Տարսոնի ճամբով Միութիւնը հոն փոխադրեց, 1919-ի Հոկտեմբերին, մինչ այդ Դամասկոս պահուող որբերը եւ զանոնք ընդունելու համար կարգի բերաւ հայկական Ս. Յակոբ վանքին մէջ կառուցուած քաղաքի հին որբանոցը: Ճիշդ է, վանքը թուրքերուն կողմէ լրիւ չէր քանդուած, բայց շատ վնասուած էր եւ ամբողջական վերանորոգման կարօտ. Միութիւնը ստանձնեց այդ աշխատանքը: Որբանոցէն զատ, Միութիւնը Հաճըն փոխադրեց իր Դամասկոսի դարմանատուն-հիւանդանոցը եւ զայն տեղաւորեց Քերտեթի աղջիկներու ամերիկեան դպրոցին մէջ: Երկու հաստատութիւններուն բացումը տեղի ունեցաւ 1919-ի Դեկտեմբերին:19 Նախատեսուած էր որ Միութեան Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղերը ստանձնեն որբանոցի ծախսերը: Նոյն ժամանակաշրջանին Պետրոս սրբազան Սարաճեանը՝ Հաճընի նախկին առաջնորդը, Դամասկոսի աքսորէն վերադարձաւ եւ անձամբ հսկեց Միութեան գործունէութիւնը: Ան արդէն հարիւր եօթանասուն անդամ կը հաշուէր 1919-ի Դեկտեմբերին:20 ...
Միութեան Կիլիկիոյ պատուիրակ Դաւիթ Ադամեանը եւ սուրիական անապատին մէջ գտնուած ու Տէօրթ Եոլի որբանոց տարուող վեց մանուկներ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութեան Հաճընի որբանոցի սաները․ հաստատութեան առաջին տնօրէն՝ պատուելի Յարութիւն Խաչատուրեանին եւ օգնական տնօրէն՝ օրիորդ Քոլտի (կեդրոն) հետ, կրթական պատուիրակ Մ. Ուղուրլեանի (օրիորդ Քոլտի աջին) այցելութեան օրը, 1919 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Համայնապատկեր Հաճընի. 1919 (Ժ. Շալեանի հաւաքածոյ, Փարիզ):
Միութեան Հաճընի որբանոցը. 1919 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):
Միութեան Վերադարձը Կիլիկիա. Յոյսեր Եւ Յուսախաբութիւններ