ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 77

Զինադադարին հետեւող առաջին ամիսներուն մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը կեդրոնացած էր Կիլիկիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ, մինչ աւաններն ու գիւղերը անտեսուած էին առհասարակ: Այս բացը չվրիպեցաւ Միութեան Կեդրոնի ուշադրութենէն. ան անմիջապէս որոշեց դարմանել կացութիւնը՝ տեղական վարչութիւնները վերակազմելով կամ նորերը ստեղծելով Կիլիկիոյ եւ արեւելեան տարածքներուն մէջ: Այս քայլը անհրաժեշտ պայման էր մարդասիրական եւ ընկերային օգնութեան բնական զարգացման համար: Հալէպի Վարչութեան վստահուեցաւ այս դժուարին պարտականութիւնը: Բժիշկներ Յովհաննէս Հրեշտակեանը եւ Խաչիկ Ինկիլիզեանը, որոնք Հալէպի Վարչութեան անդամ էին, եղան շարժման նախաձեռնողները: Առաջինը Ապրիլ 1919-ին գնաց Ուրֆա եւ յաջողեցաւ արագօրէն վերակազմել տեղի մասնաճիւղը: Երկրորդը մղիչ ուժը եղաւ Մարաշի եւ Քիլիսի մասնաճիւղերու վերագործունէութեան. այս երկու մասնաճիւղներն ալ կը գտնուէին արեւելեան տարածքներուն մէջ, որոնք գրաւուած էին բրիտանական զօրքերուն կողմէ: 1919-ի Նոյեմբերին է միայն որ ...

կարդալ աւելին

բժ. Յովհաննէս Հրեշտակեան (1868-1953), Պաղտատպան Ընկերութեան բժիշկ (1895-1915), բնիկ ուրֆացի: Յետագային ան հիմնեց Հալէպի Կարմիր Խաչի դարմանատունը (Միութեան կեդրոնական արխիւ/ Գահիրէ):

բժ. Յակոբ Պէշլեան` Ուրֆայի Վարչութեան նախագահ` աւանդական տարազով (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Ուրֆայի մեջ կոտորուած հայերու կմախքները: Շուրջը հաւաքուած են հայ երեւելիներ եւ Սուրբ Սարգիս վանքի ապաստանարանէն կիներ, 1919 Յունիս, Սուրբ Սարգիս, Ուրֆա (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Վերադարձը Կիլիկիա. Յոյսեր Եւ Յուսախաբութիւններ