ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 76

Այսպէս, ամէն երեկոյ, Սիսուանի պատասխանատուները ստիպուած էին հարիւր երեխայ ղրկելու քաղաքի կամ մօտիկ գիւղերու ընտանիքներուն քով մնալու: Մինչ այդ, Միութիւնը արդէն նախաձեռնած էր երկրորդ աւելի մեծ, քարաշէն որբանոցի մը շինարարութեան՝ Տէօրթ Եոլի կեդրոնը, հանգանակելով 30 000 ե.ո.-ի գումար մը: Երբ նոր շէնքերը պատրաստ էին, Միութիւնը մտածեց այնտեղ հաւաքել Մերսինի որբերը: Բայց, ինչպէս պիտի տեսնենք, քաղաքական պայմանները թոյլ չտուին կեանքի կոչել այս ծրագիրը: Կիլիկիա վերադարձի շարժման ոգեւորութիւնը համակեց նաեւ Փորթ-Սայիտի գաղթականները: Այն աստիճան, որ 1919-ի վերջաւորութեան գաղթակայանը գրեթէ ամբողջութեամբ պարպուած էր: Գահիրէի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց այն ատեն Մերսին փոխադրել Սիսուան որբանոցի երեք հարիւր յիսուն երեխաները: Նոյեմբերի վերջաւորութեան այս երեխաները Լեւոն Ասատուրի՝ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակի եւ որբերու օգնութեան եւ կրթութեան հայկական կոմիտէի նախագահի եւ Մաքրուհի Նետուրեանի` Փորթ Սայիտի որբանոցի տնօրէնուհիին ընկերակցութեամբ, ... կարդալ աւելին

Հմայեակ Ուղուրլեան, կեսարացի, ՀԲԸՄ-ի Տէօրթ Եոլի Քելէկեան որբանոցներու տնօրէն (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Հայր Մամփրէ Սիրունեան, ՀԲԸՄ-ի Մերսինի որբանոցի տնօրէն, 1919 (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Վերադարձը Կիլիկիա. Յոյսեր Եւ Յուսախաբութիւններ