ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել.Գիրք#3: Դար Մը Պատմութիւն, ՀԲԸՄիութեան,(Գիրք 1) | Page 75

Միութեան Մասնաճիւղերու Վերակազմումը, Որբահաւաքը Եւ Որբանոցներու Կառուցումը

Միութեան առաջին վերակազմուած մասնաճիւղը Մերսինինն էր: Յունուար 1919-էն արդէն տեղւոյն վարչութիւնը սկսաւ գործել՝ Գրիգոր Զելվէեանի նախագահութեամբ եւ Պետրոս Ուրֆալեանի ատենադպրութեամբ: Նաւահանգիստ այս քաղաքին վերապահուած էր Եգիպտոսէն ղրկուող եւ Կիլիկիոյ հայերուն սահմանուած սնունդի մեծ մասի ստանձնումը: Տեղի վարչութիւնը, հետեւաբար, էական դերակատարութիւն ունէր ամբողջ շրջանի մարդասիրական օժանդակութեան տնօրինման եւ բաշխումին մէջ: Մատակարարման այս խարիսխին ապահովումէն ետք, Միութիւնը արդէն ի վիճակի էր անցնելու իր հիմնական գործին՝ որբերու հաւաքումին: Առաջին ճիգերուն նպատակն էր վերատիրանալ 1912-ին հիմնուած Տէօրթ Եոլի Քելէկեան որբանոցին, որ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին կազմալուծուած էր: Որբերու մեծամասնութիւնը տեղահանուած էր, երէցները տարուած էին օսմանեան բանակ, իսկ այլ որբեր տարուած էին Ատանայի եւ Հարունիէի թրքական ու գերմանական որբանոցները: Օսմանեան կայսերական դպրոցի վերածուած` Տէօրթ Եոլի որբանոցը մեծ վնասներու ենթարկուած էր. չորս տարուան թրքական գրաւումին ընթացքին կարասիները թալանուած էին եւ շէնքը ահագին վնասներ կրած էր: ...

կարդալ աւելին

Մերսինի տեղական վարչութիւնը ՀԲԸՄ-ի որբանոցին մէջ` Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Մամփրէ վարդապետի (կաթողիկոսի ձախին) կողքին (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միքայէլ Նաթանեան (1867-1954), վանեցի, գիւղատնտեսութեան մասնագէտ, ՀԲԸՄ-ի պատուիրակը Սուրիոյ մէջ (Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի արխիւ):

Միութեան Վերադարձը Կիլիկիա. Յոյսեր Եւ Յուսախաբութիւններ